Անցնող օրերուն, քաղաքական,ապահովական եւ տնտեսական բազմաբնոյթ փոթորիկներ դիմագրաւող Լիբանանը ապրեցաւ ցնծալի պահեր: Արդար էր ժողովուրդին ցնծութիւնը: Ի վերջոյ Ազէզի մէջ առեւանգուած լիբանանցի ութ կամ ինը ուխտաւորները, տարի մը եւ ճակատագրի անորոշութեան սարսափը ապրելէ ետք, շնչեցին ազատութեան զեփիւռը եւ վերադարձան Լիբանան: Ցնծութեան պահերը, դրուատիքի խօսքերը, տեղի ու անտեղի խնկարկումներն ու մեծարանքները աւարտեցան: Բոլորը բաժնուեցան իրենց բնակարանները, սակայն հարցումները մնացին գետին՝ անպատասխան: Պատանդներուն ազատ արձակումը բաւական լուրջ հարցականներ ստեղծեց, նախ ընտրուած ժամանակամիջոցին,ապա՝ միջնորդ կողմերու ընտրութեան շուրջ:
Ազէզի առեւանգեալներուն շուրջ բանակցութիւններու եղանակը եւ յաջորդող գործողութիւններու ընթացքը անգամ մը եւս եկան ապացուցելու, թէ ստուերային ուժեր կը գործեն լիբանանեան պետութեան ետին: Այո, զանոնք ազատ արձակելու եղանակը եկաւ ընդգծելու,թէ մեր պետութիւնը գրեթէ կորսնցուցած է կարգ մը կառոյցներու վրայ իր գերիշխանութիւնը, ի մասնաւորին՝ իրաւական եւ ապահովական հաստատութիւններէ ներս:
Առաջին յատկանշական իրողութիւնը՝ Ազէզի առեւանգեալներուն ազատ արձակումը ապացուցեց, թէ շրջանային ճնշումներու ստիպողութեան տակ եւ անհրաժեշտութեան պարագային, Սուրիոյ հակամարտութեան կողմերուն մեծամասնութիւնը պատրաստ է երկխօսութեան: Այս մէկը լաւ նախանշան մըն է, մանաւանդ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովի նախօրիէն: Երկրորդը՝ մեր նշած ստուերային ուժերը, որոնք մեծ ներազդեցութիւն ունին լիբանանեան հոսանքներու վրայ, անհրաժեշտութեան պարագային պատրաստ են ի մի գալով, հաւասարակշռուած եւ ամբողջական համաձայնութիւն գոյացնելու իրարու միջեւ, այնպէս:Վերոյիշեալ երկու կարեւոր գործօնները ապացոյց են, որ երկխօսութեան ճանապարհով միջին լուծումներ գտնելու բարեջան ճիգերը այնքան լ հեռու չեն լիբանանեան եւ սուրիական հրապարակներէն՝, վերջակէտ դնելու զոյգ երկիրներու ժողովուրդներուն կրած տառապանքին:
Երրորդ կարեւոր իրողութիւնը Քաթարի վերադարձն էր Միջին Արեւելքի մեծ քաղաքականութիւն: Թուրքիոյ եւ Իրանի հաւանութեամբ Քաթարի միջնորդութիւնը կը նշանակէ, թէ ճիհատիստական եւ Իսլամական Եղբայրակցութենէն հեռաւորութիւն պահող շէյխ Թամիմ Պըն Համատ Ալ Թանի մտադրած է նոր հայեցակէտով եւ մօտեցումով վերադառնալ քաղաքական բեմ: Տարօրինակօրէն լիբանանեան իշխանութեան ոեւէ պաշտօնակատար բացատրութիւն չտուաւ, թէ ինչո՞ւ յատկապէս Քաթար եւ Պաղեստինեան Իշխանութիւնը ստանձնեցին առեւանգեալները ազատ արձակելու բանակցութիւններուն հովանաւորութիւնը, մանաւանդ երբ բոլորին ծանօթ է, թէ անցեալէն ի վեր, երկու պետութիւններուն յարաբերութիւնները այնքան ալ հեզասահ չեն ընթանար Դամասկոսի հետ: Այսօրուան դրութեամբ, այս բոլորը անցեալին կը վերաբերին: Այսօր, տարբեր է պատկերը: Քաթարի պարագային՝ Ուաշինկթըն- Մոսկուա փոխ հասկացողութենէն ետք, Քաթար նոր մօտեցում սկսած է ցուցաբերել Սուրիոյ հակամարտութեան: Գալով Պաղեստինեան Իշխանութեան, անհրաժեշտ է արձանագրել, որ Լիբանանի ընդհանուր անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն Ապպաս Իպրահիմ տասնամեակէ մը աւելի ջերմ յարաբերութիւններ կը պահպանէ պաղեստինեան բոլոր հատուածներուն հետ: Սակայն յեղաշրջումի հիմնական գաղտնիքը պահուած է այլ տեղ: Պաղեստինեան Իշխանութեան պետ Մահմուտ Ապպաս բացայայտօրէն յայտարարեց, թէ իշխանութենէն նախագահ Պաշշար Ասատի հեռացումը նոր շունչ պիտի տայ պաղեստինեան ծայրայեղական կազմակերպութիւններուն, սկսելով՝ Համասէն, որ խորքին մէջ կը ներկայացնէ Իսլամական Եղբայրակցութեան պաղեստինեան թեւը: Փաստօրէն, առեւանգեալներու ազատ արձակումով, ձիւնհալ մը սկսաւ Սուրիա, Քաթար եւ Պաղեստինեան Իշխանութիւն փոխյարաբերութիւններուն մէջ՝ Իրանի եւ Թուրքիոյ հաւանութեամբ:
Չորրորդ կարեւոր իրողութիւնը, լիբանանցիները անխտիր՝ ողջունեցին առեւանգեալներուն ազատ արձակումը: Ցնծութեան արտայայտութիւններէն բացարոշ էր, թէ լիբանանցիները կը մերժեն վերադառնալ անցեալի տխուր օրերուն..: Առեւանգեալներուն ազատ արձակումը միաժամանակ վերաբացաւ սուրիական բանտերուն մէջ գտնուող լիբանանցիներուն թղթածրարը: Բայց այստեղ հարցադրում մը՝ առ ի հետաքրքրութիւն. Ինչո՞ւ միայն Ազէզի առեւանգեալները ազատ արձակուեցան եւ ոչ՝ քրիստոնեայ երկու եպիսկոպոսները եւ կամ՝ օտար լրագրողները: Խոստումներ տրուած են այս մասին: Վստահի՞լ ստուերային ուժերու խոստումներուն , թէ դատապարտել անոնց երկդիմի քայլերը…:
Բայց բոլորէն աւելի զաւեշտականը եւ միաժամանակ ողբալին՝ երկու թուրք օդաչուները ազատ արձակելու եղանակն էր…: Առաջին հերթին, բաւական տարօրինակ էր զանոնք ազատ արձակելու վաղորդայնին, առեւանգելու յանցանքով ձերբակալուած ամբաստանեալները ազատ արձակելու լիբանանեան ատեանին որոշումը: Համեստ քաղաքացին իրաւունք պիտի չունենա՞յ կասկածելու իրաւական կառոյցներու անկախութեան: Շարժանկարի քննարկում չենք կատարեր… օդաչուները լիբանանեան հողի վրայ առեւանգուելով հանդերձ, ապահովական կառոյցներ ձախողեցան բացայայտել անոնց հետքը…: Եզրափակելու համար՝ թուրք օդաչուները օր ցերեկով, ապահովական մարմիններու «հսկողութեան տակ» ուղղուեցան Պէյրութի միջազագային օդակայանը եւ մեկնեցան…:
Այս բոլոր գործողութիւնները տեղի ունեցան պետութեան, քաղաքացիներու աչքին առջեւ, հեռատեսիլային կայաններու լուսարձակներուն տակ՝ տեղւոյն վրայ սփռումով: Տեսակաւոր դրօշակներու տարափ, քաղաքական ղեկավարներու ու հոգեւորականներու դիմանկարներ, բացի ազգային դրօշէն: Ոեւէ քաղաքական անձնաւորութիւն հարց չտուաւ, թէ ո՞ւր պահուած էր կամ ինչո՞ւ կը բացակայէր Մայրիներու դրօշը:
Ցնծութեան բացագանչութիւններ, կուսակցական երգեր, ինչպէս ըսինք՝ առեւանգեալները ժողովրդային լայն ընդունելութեամբ, ուսամբարձ վերադարձան իրենց բնակարանները, սակայն ոչ ոք չհարցուց, թէ եր՞բ պիտի գայ առանց խօսքի եւ որոշումի իրաւասութեամբ պատանդ՝ ստուերային պետութիւններու ձեռքէն լիբանանը ազատ արձակելու պահը…:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ