ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Այսօր, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ բացումը կը կատարուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովին, որ եռօրեայ տեւողութեամբ պիտի քննարկէ կաթողիկոսութեան եւ անոր աշխարհատարած թեմերու գործունէութիւնը:
Ժողովը կը գումարուի հայրենիքին ու ազգին համար ծանր պայմաններու մէջ: Յետպատերազմեան իրավիճակ, հայրենական տարածքներու կորուստ, ներխուժուած հանրապետութիւն, սասանուած եւ խախտուած սահմաններ, պարտադրուող սահմանագծումներ եւ համաձայնագիրներ: Զուգահեռ միջինարեւելեան երկիրներու փոթորկալից շրջաններ, ռազմաքաղաքական իրադարձութիւններու պատճառով ընկերային-տնտեսական աննախադէպ ճգնաժամեր իրենց ամէնէն ծանր հետեւանքներով:
Նման ծանրագոյն պայմաններու մէջ տրամաբանօրէն ակնկալուածը, ազգային ինքնամղումը պիտի յանգէր համախմբուելու եւ հակաճգնաժամային ծրագիրներու շուրջ մեր համահայկական մարդուժը կեդրոնացնելու: Հայրենի այսօրուան կառավարութիւնը այդ ճամբան չգերադասեց դժբախտաբար: Բաժանարարութիւնը յամեցաւ: Ներկայացուած նախագիծերը մերժուեցան: Գագաթնաժողովները շրջանցեցին սփիւռքի ներկայացուածութիւնն ու սփիւռքի կազմակերպ կեանքի յենասիւն-կազմակերպութիւնները: Սփիւռքի հարցերու համակարգման նախատեսուած գերատեսչութիւնները նախընտրեցին սփիւռքեան տարբեր շրջաններու մէջ գործող եւ կայացած համակարգումի կեդրոններու զուգահեռ ինքնակոչ խմբաւորումներու կամ անհատ սփիւռքահայերու հետ գործակցութիւնը:
Արցախի վիրաւոր կացութիւնը եւ Ստեփանակերտի տուած միաւորուելու փաստացի օրինակը չունեցաւ իր զանգուածային արձագանգները: Բոլոր պատճառները կային, որ պետականամէտ մտածողութիւնը գերադասուէր, եւ Երեւանէն ստացուէին համազգային նոր շարժում, թշնամիին դէմ դիմադրութեան շարժում ստեղծելու ազդակները:
Թէ՛ 44-օրեայ պատերազմին եւ թէ՛ սեպտեմբերեան ներխուժման գործողութիւններու ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մէջ, վեհափառ հայրապետին հրաւէրով տեղի ունեցան Լիբանանի մէջ գործող համասփիւռքեան գործունէութիւն ունեցող մեր կազմակերպութիւններու` յարանուանական, կուսակցական եւ միութենական ներկայացուցիչներու խորհրդաժողովներ: Տագնապը համատարած էր, ընկալումը միատեսակ եւ իրավիճակի քննարկումէն ետք նոր նախաձեռնութիւններու եւ համակարգուած աշխատելու անհրաժեշտութիւնը բոլորին կողմէ ընդգծելի:
Միացեալ յայտարարութիւնները դատապարտեցին Ազրպէյճանի յարձակումը, անոր գործադրած ռազմական յանցագործութիւնները, Թուրքիոյ դերակատարութիւնը, ահաբեկիչներու ներգրաւումը այս պատերազմին, խաղաղ բնակչութեան ու քաղաքացիական հաստատութիւններու թիրախաւորումը եւ հայապատկան տարածքներու գրաւումն ու ժողովուրդի տեղահանութիւնը: Երկրորդ փուլին` հայաստանեան տարածքներ թշնամիին ներխուժումը, հայաստանեան ինքնիշխան տարածքներու վրայ պատերազմական ոճիրներ գործադրելու փաստը, թուրքեւազրպէյճանական դաշինքի մնայուն սպառնալիք ըլլալու հանգամանքը:
Միայն հայրենական օրհասի առիթով չէր, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը կատարէր իր համախմբելու դերակատարութիւնը: Միջին Արեւելքի մէջ ռազմաքաղաքական իրադարձութիւններու հետեւանքով անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն էր օժանդակութիւններու կազմակերպումը: Սուրիահայութիւնն ու լիբանանահայութիւնը անմիջականօրէն զգացին կաթողիկոսութեան թեմերու ցանցային աշխատանքը, վեհափառի կոչերուն ընդառաջումը, կարիքաւոր ընտանիքներուն նիւթական, սնունդի, դեղորայքի տրամադրումներն ու մանաւանդ ամբողջ կրթական համակարգի բեռը թեթեւցնելու հսկայական աջակցութիւնները:
Նման ծանրագոյն պայմաններու մէջ է, որ տեղի կ՛ունենայ Ազգային ընդհանուր ժողովը: Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններէն մինչեւ Միջին Արեւելք, Եւրոպա եւ Ամերիկաներ տագնապները բազմապատկուած են` անվտանգութեան հարցերէն մինչեւ ինքնութեան խնդիրներ, ընկերայինէն ու տնտեսականէն մինչեւ կրթական ու մշակութային, արեւմտահայերէնի կենսունակութեան կորուստէն մինչեւ օտարացում, հեռացում համայնքայինէն կամ ընդհանրապէս հայ կեանքէն: Հայրենիքի վերակերտման համար բոլոր ժամանակներէն աւելի հրամայական է համախմբուիլը. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը այդ առաջադրանքի իրականացման համար կարեւորագոյն կեդրոն է: