Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը Հինգշաբթի, 14 Փետրուարի նիստի ընթացքին հաստատեց կառավարութեան ծրագիրը: Կառավարութեան ծրագիրին կողմ քուէարկեց 82, դէմ` 37 պատգամաւոր:
Նախապէս «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավարը յայտնած էր, թէ դէմ պիտի քուէարկեն նախագիծին: «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Նայիրա Զոհրապեան նշած էր` կողմ պիտի քուէարկեն, եթէ միայն իրենց ներկայացուցած առաջարկները ընդունուին:
Երեքշաբթի, 12 Փետրուարին կայացած նիստի ընթացքին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուց կառավարութեան 8 Փետրուարին հաստատած ծրագիրը: