ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Ազգային ժողովի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մնայուն յանձնաժողովը բացասական եզրակացութիւն տուաւ Հայաստանի մէջ յայտարարուած ռազմական դրութիւնը վերցնելու հարցին: Ռազմական դրութիւնը վերցնելու մասին խորհրդարանի որոշման նախագիծը ներկայացուցած էր «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնը:
«Կարծում ենք, որ օր առաջ ռազմական դրութիւնը հանելը կը նպաստի, որ մենք կարողանանք գոնէ քայլեր ձեռնարկել` մեղմելու այն ճգնաժամը, որն ունենք», ըսաւ խմբակցութեան պատգամաւոր Գէորգ Գորգիսեան:
Կառավարութեան ներկայացուցիչ, առողջապահութեան փոխնախարար Անահիտ Աւանեսեան նշեց, որ անհրաժեշտ է զգուշութեամբ մօտենալ ռազմական դրութեան ամբողջական չեղարկման, իսկ յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեան առաջարկեց հարցի քննարկումը յետաձգել մէկ շաբաթով:
Յանձնաժողովի քուէարկութեամբ «Ռազմական դրութիւնը վերացնելու մասին» Ազգային ժողովի որոշման նախագիծը ստացաւ բացասական եզրակացութիւն: