ԵՐԵՒԱՆ.- Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն 1/3րդը Նիկոլ Փաշինեանը առաջադրեց վարչապետի թեկնածու: Այս մասին «Թերթ»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Լենա Նազարեան:
«Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութիւնը առաջարկած են «Ելք»ի, «Ծառուկեան» խմբակցութեան եւ «Հանրապետական» խմբակցութենէն հեռացած 4 պատգամաւորներ՝ Արսէն Միխայլով, Կնեազ Հասանով, Տաճատ Վարդապետեան ու Շիրակ Թորոսեան», ըսաւ Նազարեան:
Նշենք, որ 30 Հոկտեմբերը վարչապետի 2րդ ընտրութեան համար թեկնածու առաջադրելու վերջնաժամկէտն էր:
Վարչապետի 2րդ ընտրութեան համար Սահմանադրութեամբ նախատեսուած փուլի եօթնօրեայ ժամկէտի վերջին օրը՝ 31 Հոկտեմբերին, ժամը 12ին իրաւունքի ուժով կը գումարուի Ազգային ժողովի յատուկ նիստ այս հարցին վերաբերեալ որոշում տալու նպատակով:
1 Նոյեմբերին տեղի պիտի ունենայ վարչապետի ընտրութեան 2րդ փուլի քուէարկութիւնը, որուն իբրեւ արդիւնք՝ վարչապետ չընտրելու պարագային, Ազգային ժողովը կ՛արձակուի իրաւունքի ուժով եւ Հանրապետութեան նախագահը կը ստորագրէ հրամանագիր մը՝ Ազգային ժողովը արձակելու եւ արտահերթ ընտրութիւն նշանակելու մասին: