ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
«Մենք արժեզրկեցինք հերոսի կերպարը»:
Մանուէլ Եղիազարեան (Արցախի հերոս)
Armnews, 8 մայիս 2020
Թէ ինչո՞ւ մայիսեան յաղթանակի ու հրաշափառ տօնին առիթով նման յոռետես նախադասութիւն մը մէջբերեցինք եւ անով կառուցել ուզեցինք մեր մտորումները,
Թէ ինչո՞ւ հայոց գոյութենական երթն ու ապագայ ճակատագիրը ճշդորոշող ու ազգային արժանապատուութիւնը խարսխող սրբազան ճակատամարտերու փայլքն ու իմաստը առաւել պայծառացնելու փոխարէն, ցաւատանջ իրականութիւն մը լոյսին ուզեցինք յանձնել,
Թէ ինչո՞ւ հայոց լեռներու արքայ` Արարատի վեհութեան չափ ազգային հերոսի կերպարի բնութագրումը դարձեալ փափաքեցանք շեշտադրել…
Որովհետեւ, անկեղծ ըսած, հայոց պետականութեան վերականգնումէն ի վեր (1991) հայ մարդը մտատանջութիւն մը կ՛ապրի, ներքին անհանգստութիւն մը կը մրճահարէ իր հոգին, երբ տարբեր առիթներու ականատես կ՛ըլլայ պատմական ու քաղաքական այնպիսի վարքագիծերու, մօտեցումներու եւ արհամարհական կեցուածքներու, որոնք ուղղակիօրէն թիրախ կը դարձնեն ազգային հերոսի կերպարը:
Գիտեմ, պիտի ըսուի, որ հայու ներաշխարհին եւ հոգեկերտուածքին անյարիր մատնանշումներ են վերի ընդգծումները, աւելի՛ն. դարերու փորձութիւնը ապրած եւ իր ինքնուրոյն դիմագիծը կերտած հայ ազգը միշտ ալ իր թիկունքին ունեցած է հերոս սերունդներու հնչեղութիւնը, անոնց կամքն ու տոկունութիւնը, զոհողութիւնը` իբրեւ ամուր յենարան եւ անփոխարինելի արժեհամակարգ:
Այդուհանդերձ, հաւաքական կեանքի դարպասէն ներս առկայ է անսեթեւեթ ճշմարտութիւն մը, որ կարելի չէ շրջանցել եւ, այսպէս ըսած, մոռացութեան տալ, այդ ալ` ազգային գիտակցական մակարդակի տեղքայլն է, շփոթանքը, աղաւաղումը, բայց մանաւանդ` այլասերումը, որուն պատճառով ազգ մը ամբողջ կրնայ հոգեխեղուիլ:
28 Մայիս 1918:
Հայոց պատմութեան էջերուն արձանագրուած մեծագոյն յաղթանակն է, որով հայութիւնը վերալուսաւորեց իր քաղաքակիրթ դիմագիծը, ջրդեղեց ստեղծագործի էութիւնը, վերահաստատեց ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքը, պետականութիւն կերտելու երազանքը, թուրք զազրութիւնը ծունկի բերելու կամքը, հայ գեղջուկին ու ղեկավարին վերադարձնելու ինքնավստահութիւնը` ինքզինք կառավարելու եւ հպարտօրէն պաշտպանուելու:
Ու կասկածէ վեր է նաեւ այլ ճշմարտութիւն մը, որ յաղթանակներ կերտուեցան շնորհիւ առիւծասիրտ ֆետայիներու, զինուորներու, հրաշալի հրամանատարներու եւ իր ժողովուրդին էութիւնն ու մարտական ոգին մարմնաւորող Արամ Մանուկեանի:
Փաստօրէն, 1918-ի 21-28 մայիսեան օրերը, խողխողուած ազգի մը հրաշափառ վերականգնումը կը խորհրդանշեն, երբ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի սուրբ հողին վրայ հայութիւնը շրջադարձ մը ապրեցաւ` ցոյց տալով իր քաջութեան, զոհողութեան եւ հայրենապաշտութեան անկրկնելի աստիճանաչափը:
Եղեռնապատում ապրած հայութիւնը յաղթեց թուրքին եւ բարբարոսատիպ Վեհիպ փաշայի բանակներուն պարտադրեց նահանջել հայապատկան հողէն:
Հայոց պետականութիւնը, ի գին անսահման զոհողութիւններու, հաստատեց ինքզինք այլ պետութիւններու շարքին եւ աչքերը յարեց դէպի լուսաւոր ապագայ:
Ճիշդ է, որ օրուան աշխարհաքաղաքական պայմանները հայանպաստ չէին երբեք: Ռուս-թրքական թաքուն թէ բացայայտ համաձայնութիւնները միայն աւերներ կը պատճառէին հայ իրականութեան: Արեւմտեան կողմն աշխարհի պետութիւններ կլանուած էին իրենց խօլ մրցակցութեամբ եւ տմարդի քաղաքական վարքագիծով: Հայութիւնը շուտով կորսնցուց պետականութիւնը` ծանօթ միջազգային քաղաքական պայմաններու բերումով, այդուհանդերձ, նուաճեց ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքը, փաստը` արցախեան ազատագրական պայքարի ոսկեայ էջերը:
Յայտնապէս, այդ ոսկեայ էջերու գագաթին փորագրուած է հայ հերոսի անբիծ դիմագիծը, եզակի կերպարը, որ յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան, ազգային արժանապատուութեան ամրապնդման եւ ժողովուրդի անվտանգ ու բարօր կեանքի ապահովման, հրաշքներ գործեց եւ դարձեալ յաղթեց թուրք-ազերի զազրութեան:
Մերօրեայ հայ ֆետայի-ազատամարտիկը վերանուաճեց իր Մամիկոնեանի հոգեաշխարհը եւ աշխարհին ցոյց տուաւ հայոց բազուկի անսասանելութիւնը:
Այսօր, ներազգային կեանքը` ի Հայաստան եւ Արցախի հանրապետութիւն, կ՛ապրի որոշակի խարխափումի պահեր: Հայ քաղաքական միտքը կ՛անցնի բարդ ճանապարհէ, հայութեան ծոցէն ներս սողսկած են խլուրդներ` աղանդներու շպարին տակ, եւ կը փորձեն ազգը պառակտել: Հայոց պետական համակարգի ոլորտները թափանցելու արտաքին հոսանքներ տակաւ կ՛աշխուժանան ու աւերներ կը գործեն: Այլամերժութեան եւ ատելութեան մթնոլորտը կը քաջալերուի, նիւթական ներդրումի սայլակներ կը հրամցուին` պէս-պէս ծրագիրներու շղարշին տակ, ժողովուրդի կամքը թուլացնելու ու գիտակցութիւնը մթագնելու բարբաջանքներ կլանած են հայոց աշխարհը, իսկ մեծագոյն բացական կը նկատուի իրարհասկացողութիւնն ու հայրենիք պահպանելու ռազմաքաղաքական հմտութիւնը:
Ու այս ընկերային, տնտեսական, առողջապահական թէ քաղաքական խաժամուժին մէջ ազգային հերոսի կերպարը յարձակման կ՛ենթարկուի ամէն օր ու ամէն առիթի, մե՛րթ այլասեռածներու (արուամոլ), մե՛րթ պատեհապաշտներու ու մե՛րթ տկլոր ու տխեղծ քաղաքական գործիչներու կողմէ:
Ցաւ ի սիրտ, պետութիւնը բաղկացնող տարրեր զերծ չեն կաշառակերութենէ, հաճոյախօսութենէ, ամբոխային տրամաբանութենէ, սեւաթոյր բնազդներէ, շատ ու շատ ախտերէ ու բարդոյթներէ:
Արդ, հայութիւնը իր պետականութեան կարգ ու սարքով, կը դիմագրաւէ իր լինելութեան ամէնէն դառն ժամանակները: Մայիսեան փառահեղ յաղթանակները կերտուեցան սերունդներու արեամբ եւ անմնացորդ նուիրումով: Հայը ստեղծեց իր ազգային հերոսի կերպարը եւ նորահաս սերունդներուն ժառանգեց ամենաթանկը` սեփական հողի վրայ կերտելու հայոց պետութիւնը:
Ազգակերտ սերունդներու հոգեմտային աշխարհը կը սնուցուի բացառապէս ազգային հերոսի տիպարին ընդմէջէն:
24 մայիս 2020