Ազգային իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, թէ հակառակ երկրի ծանրակշիռ պայմաններուն, հակառակ նաեւ կրթական մարզի դիմագրաւած մեծ դժուարութիւններուն, 2020-2021 տարեշրջանի պետական Պաքալորէայի եւ թեքնիք Պաքալորէայի քննութիւններուն Ազգային վարժարաններու արդիւնքները եղած են փայլուն, 100 առ 100 յաջողութեան մօտեցող պատուաբեր իրագործումով։
Կերտուած յաջողութիւնը մէկ կողմէ կը նշէ արտակարգ պայմաններու մէջ Ազգային վարժարաններու տնօրէնութիւններուն եւ ուսուցչական կազմերուն պատասխանատու մօտեցումով լուրջ աշխատանքը, իսկ միւս կողմէ կը բացայայտէ ամէնէն ճգնաժամային պայմաններու մէջ Հայ Դպրոցին ամրօրէն կառչելու եւ զայն իր անփոխարինելի դերակատարութեան մէջ տեսնելու հաւաքական մեր կամքն ու համոզումը։
Հետեւաբար, շնորհաւորութեան եւ շնորհակալութեան խօսք՝ այս յաջողութեան կերտման մասնակից կրթական մեր բոլոր պատասխանատուներուն, անոնց աշխատանքներուն նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կանգնած Ազգային Առաջնորդարանի բոլոր մարմիններուն եւ առաջին հերթին՝ Ազգային Վարչութեան, գլխաւորութեամբ՝ Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի։
Երախտիքի խօսք՝ Ազգային վարժարաններու խնամակալութիւններուն, բարերարներուն, բարեկամներուն եւ ծնողներուն, որոնց բոլորին միացեալ ճիգերով կարելի եղաւ յաղթահարել կրթական անցնող տարեշրջանի մարտահրաւէրները՝ հասնելու համար ցանկալի այս յաջողութեան, որուն պատկերը կը ներկայանայ հետեւեալ ձեւով.-
ԱԶԳ. ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԷՃ
(ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ 100 առ 100)
Գիտական.- Ալեքս Իսկէնտէրեան (Շատ լաւ), Ռուբէն Մարտիրոսեան (Շատ լաւ), Գրիգոր Քէրթենեան (Լաւ)։
Կենսաբանական.- Նարեկ Ասատուրեան (Շատ լաւ), Նաթալի Քէսմէեան (Լաւ), Արի Ղազարեան, Ալեակ Մկրեան, Սերկէյ Ունանեան, Կարս Կիւլեան, Լէա Քէրթէնեան։
Տնտեսագիտական.- Լիլիանա Ալրքայպի (Շատ լաւ), Սարին Հալլաճեան (Շատ լաւ), Գրիգոր Անգէշեան (Շատ լաւ), Կալինա Թրթռեան (Լաւ), Ճէնի Գարախանեան (Լաւ), Ցոլեր Ստեփանեան (Լաւ), Լէա Քէլէշեան (Լաւ), Սարգիս Միթիլեան, Սերլի Կէօզիւպէօյիւքեան, Կորիւն Կիւլեան, Վարանդ Նաշալեան, Կրէկուար Քայսէլ, Լոռի Կիւլիւմեան, Մարտիկ Օհաննէս, Մարիէլլա Ճէհիզեան։
ԱԶԳ. ՄԻԱՑԵԱԼ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
(ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ 100 առ 100)
Տնտեսագիտական.- Քրիստիան Արապսէյիսեան, Սարին Նալպանտեան, Յովիկ Յովհաննէսեան, Ալին Ճուլֆայեան Քէվըն Թահմիզեան։
ԱԶԳ. ՄԻԱՑԵԱԼ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ԹԵՔՆԻՔ ՊԱՔԱԼՈՐԷԱ
(ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ 90 առ 100)
Խաչիկ Աւետիքեան, Խաչիկ Մանուկեան, Աննա Կոճիկեան, Բալիկ Գալայճեան, Բալիկ Մահիկեան, Ռիթա Գժտըրեան, Քրիստափոր Յակոբեան, Գոհար Տէկիրմէնճեան, Սելին Փօլատեան, Աննա Յակոբեան։
ԱԶԳ. ՅԱՌԱՋ–Գ. ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
(ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ 90 առ 100)
Տնտեսագիտական.- Սիւզան Սապունճեան (Շատ լաւ), Ռուպի Պետրոսեան (Լաւ), Վանա Անտոնեան (Լաւ), Գէորգ Արուշեան, Մարիան Գալինճեան, Թալին Վարդանեան։
Գիտական.- Թովմաս Հապէշեան (Շատ լաւ), Հայկազ Քէօհիւլեան (Լաւ), Քրիստ Գէորգեան։
Կենսաբանական.- Ալիսա Չափարեան (Շատ լաւ), Լալէ Զէյթլեան (Լաւ), Նայիրա Աշըգեան։
ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ
ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ