ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան, 8 Մարտի երեկոյեան «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրած է իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան պատգամաւորներուն կողմէ իր եւ իր կուսակիցներուն դէմ նորագոյն յարձակումին մասին:
«Երէկ իշխող կուսակցութեան պատգամաւորները խորհրդարանին մէջ իսկ իրենց բարբարոսութիւնները ցոյց տուին: Ազգայնամոլներու դէմ ամէն տեղ դիմադրութիւն ցոյց պիտի տանք եւ անշուշտ՝ պիտի յաղթե՛նք»:
Նշենք, որ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ քրտամէտ կուսակցութեան պատգամաւորները մեղադրած են իշխանութիւնները՝ Աֆրինի մէջ ցեղային զտումի արշաւի նախաձեռնելու յանցանքով, ինչ որ կատղեցուցած է Էրտողանի կուսակիցները, որոնք, իբրեւ պատասխան, յարձակած են ընդդիմադիր կուսակցութեան պատգամաւորներուն վրայ: