Ովկիան մը վիշտ է ծուարած մի բուռ սրտիդ,
Հողմամրրիկ է հոգւոյդ մէջ փոթորկալի,
Բայց պիտ’ տոկաս ու հուսկ ոյժերդ հաւաքած
Պիտի կանգնիս վսեմօրէն, ա՛զգ իմ անգին:
Քանի անգամ է պատահեր պատմութեան մէջ
Որ կորսնցնես հող ու գանձեր, մնաս բնաւեր,
Աւերակաց մէջէն դարձեալ՝ փիւնիկ որպէս,
Վերազարթներ ես քաջաբար ու հրաշագեղ:
Տառապանքի խորխորատներն ես դուն գայթեր,
Տեսեր անդունդը գեհենին Տանթէական,
Բայց թօթափած ցաւի մրմուռը տանջահեւ,
Խոյացեր ես դէպի կապոյտը երկնասլաց:
Հին կոճղէդ նոր բողբոջներ են ծլարձակեր
Ու բացուեր են արեգական լոյսին, յոյսին,
Ոգիդ հզօր պողպատացեր է շարունակ
Կերտելու մեր նոր գալիքը արեւահեւ:
Եւ այս անգամ, գէթ այս անգամ պիտի սթափիս
Խոր թմբիրէն որ կլաներ է միտքդ, հոգիդ,
Պիտ’ արթննաս պատրանքներէն ցնորածին
Ու միաբան ոյժդ կերտես Վահագնածին:
ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ