Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ մեծ թափով ընթացող թուայնացման աշխատանքներու ծիրին մէջ ամբողջութեամբ թուայնացուած եւ նշաճանաչուած են «Ազդակ» օրաթերթի արխիւները, որոնք հասանելի են Ազգայինի «Հայ մամուլ» շտեմարանէն https://is.gd/vDIyeL
Այս առիթով Հայաստանի Ազգային գրադարանի հրապարակած լուրին մէջ կը նշուի. «Ազգային, գրական, հասարակական-քաղաքական «Ազդակ» օրաթերթը կը հրատարակուի 1927 թուականէն (որոշ ընդհատումներով): Սկիզբը լոյս տեսած է եռօրեայ պարբերականութեամբ, 1930 թուականէն` երկօրեայ, 1932 թուականէն օրաթերթ է:
«Թերթը կը լուսաբանէ հայկական, լիբանանեան եւ միջազգային քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, գիտական եւ մարզական անցուդարձերը:
«Հիմնադիրն ու սեփականատէր տնօրէնը Հայկ Պալեանն է: Թերթը տարբեր տարիներու խմբագրած են` Արամ Սահակեանը, Մուշեղ Իշխանը, Կարօ Սասունին, Գասպար Իփէկեանը, Անդրանիկ Ծառուկեանը, Տիգրան Ոսկունին (Գույումճեան), Պօղոս Սնապեանը, Սարգիս Մահսերեճեանը եւ այլք: 2002 թուականէն «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն-գլխաւոր խմբագիրն է Ազգային գրադարանի լաւ բարեկամ Շահան Գանտահարեանը:
«Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Աննա Չուլեանը եւ «Ազդակ»-ի խմբագիր Շահան Գանտահարեանը 2021-ին կնքեցին փոխըմբռնման յուշագիր` համագործակցութեան լայն շրջանակի, թուայնացման միացեալ ծրագիրներու իրականացման, «Ազդակ»-ի մատենագիտութեան կազմութեան, «Հայկական շարունակական հրատարակութիւններ» շտեմարանի ձեւաւորման աշխատանքներուն մէջ «Ազդակ»-ի խմբագրակազմի ներգրաւման եւ այլ հարցերու շուրջ:
«Ազգային գրադարանին մէջ արդէն կը տարուին օրաթերթի մատենագիտութեան պատրաստութեան աշխատանքները: Հրատարակութիւնը նախատեսուած է 2027 թուականին` «Ազդակ»-ի 100-ամեայ յոբելեանին»: