Գիտահետազօտական կեդրոնները, մատենադարանները, գրադարանները ազգային հաստատութիւնները թէ ընդհանրապէս «Ազդակ»-ի արխիւներու ուսումնասիրութեամբ զբաղողները կրնան ունենալ «Ազդակ»-ի 90-ամեայ արխիւի ելեկտրոնային տարբերակը: 10 «Տի. Վի. Տի.»-ներու մէջ ներառուած արխիւը վիթխարի նիւթ ներառած է ` լիբանանահայ գաղութի պատմութեան, Հայ դատի աշխատանքներու հոլովոյթին, Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման աշխատանքներուն, եկեղեցական հարցերուն, սփիւռքի գաղութներու կազմութեան, հայրենիք-սփիւռք կապերուն, հայ քաղաքական մտածողութեան զարգացման, ինչպէս նաեւ մշակութային, մարզական, երիտասարդական եւ ուսանողական հարցերու մասին: Արխիւը 1927-էն մինչեւ մեր օրերը լուսաբանումներն ու վերլուծումները կը պարփակէ մեր ժամանակակից պատմութեան իւրաքանչիւր փուլին` օրական արձագանգումներով եւ մեկնաբանութիւններով:
Մամլոյ համայնագիտարանի ելեկտրոնային այս հաւաքածոն վաճառելի է: Արխիւը ամբողջութեամբ օժտուած է որոնման համակարգով: Փափաքողները կրնան դիմել «Ազդակ»-ի խմբագրատուն, ե-նամակի հետեւեալ հասցէին. [email protected]