«Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը, քաջալերելու համար իր յօդուածագիրները, կը ծրագրէ հետեւողական աշխատակցութիւն ունեցած եւ յօդուածաշարքեր ստորագրած մեր աշխատակիցներու յօդուածներու հաւաքածոն հրատարակել:
Յայտնենք, որ «Ազդակ» ունեցած է աւանդութիւն մատենաշարի կամ թերթօններու հրատարակութեան: Մեր արխիւներուն մէջ նման հրատարակութիւններ կան, որոնք նաեւ կը թուայնացուին «Ազդակ»-ի բացառիկ հրատարակութիւններու կողքին:
Իբրեւ առաջին հրատարակութիւն, շուտով մամուլին կը յանձնուի մեր աշխատակիցներէն` սուրիահայ մտաւորական Աւօ Գաթըրճեանի յօդուածաշարքը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով` «Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման հերոսապատումը» խորագիրով: