«Ազդակ»-ի առցանց 52-րդ լսարանին նիւթն էր «Պետրոս Պիանքինի եւ Ս. Ղազար. իտալացի «կտրիճ երաժիշտը» եւ իր սիրած «վսեմ ու երկնային եղանակները»: Դասախօսեց Փրակայի Կարոլեան համալսարանի երաժշտական համոյթներու երաժշտապետ փրոֆ. Հայկ Իւթիւճեան: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:
Փրոֆ. Իւթիւճեան նախ հաստատեց Պիանքինիի եզակի դէմք ըլլալու իրողութիւնը: Իտալացի հանճարեղ երգահան մը, որ 1850-ական թուականներուն գրի առած է Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան երգեցողութիւնները` փրկելով մեր շարականական գոհարները: Դասախօսը հաստատեց, որ հայ շարականագիտութիւնը այս իմաստով մեծ բան կը պարտի իտալացի երգահանին:
Դասախօսութիւնը յագեցած էր արխիւային նիւթերու վրայ հիմնուած շատ կարեւոր ու շատ յաճախ անյայտ տեղեկութիւններով եւ այդ բոլորին առնչութիւնները իրար ագուցելով կատարուած վերլուծումներով:
Դասախօսութեան համաչափ տեւեց անոր հետեւած հարցումներու եւ քննարկումի բաժինը: Լսարանին մասնակիցները շնորհակալութիւն յայտնեցին նման նիւթի մասնագիտական ներկայացման համար եւ առաջարկեցին, որ դոկտ. Իւթիւճեան այլ թեմաներու մասին եւս դասախօսութիւններ ներկայացնէ «Ազդակ»-ի լսարանին:
Դոկտ. Իւթիւճեան ինք եւս հաստատեց, որ մեծ գոհունակութիւն ապրած է նման լսարանի համար դասախօսելով եւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց հայ երաժշտութեան վերաբերող մասնագիտական այլ նիւթեր ներկայացնելու:
Յոյժ թելադրելի է հետեւիլ դասախօսութեան ամբողջական արձանագրութեան` այցելելով «Ազդակ»-ի եութուպեան ալիքը https://youtu.be/HjVBxSp7Ydc