Հայաստանի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Շուշան Ստեփանեան յայտնեց, թէ համեմատաբար կայուն գիշերէ մը ետք, ազերիները առաւօտեան ժամերէն կը ռմբակոծեն Արցախի հանրապետութեան հիւսիսային եւ հարաւարեւելեան սահմանագիծերը:
Ան աւելցուց,թէ Արցախի պաշտպանութեան բանակի միաւորները իրենց վերահսկողութեան տակ կը պահեն ռազմավարական իրադրութիւնը եւ նոր կորուստներ կը հասցնեն թշնամիին: