Կիրակի, 4 հոկտեմբեր 2020-ի երեկոյեան ժամը 9-ի դրութեամբ՝ հայկական կողմը արցախա-ազրպէյճանական սահմանագիծի երկարութեամբ ոչնչացուցած է 400 ահաբեկիչ եւ բանակային: Սոյն յայտարարութիւնը կատարեց Հայաստանի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեանը:
« Հակառակորդը ժամը 9-ի դրութեամբ ամփոփուած տուեալներու՝ այսօր կորսնցուցած է 400 բանակային եւ ահաբեկիչ, ունի 700 վիրաւոր, կորսնցուցած է 13 զրահապատ, 3 ինքնաթիւռ, 1 անօդաչու թռչող սարք». ըսաւ Յովհաննիսեան: