Հայաստանի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Շուշան Ստեփանեան դիմատետրի իր էջին վրայ արձանագրած է՝ ազերի թշնամին առաւօտեան վաղ ժամերէն շարք մը ուղղութիւններով կը ռմբակոծէ Արցախը:
« Առաւօտեան կանուխ ժամերէն թշնամին վերսկսած է ռմբակոծել հարաւային, հիւսիսային, հիւսիսարեւելեան եւ արեւելեան ուղղութիւններով: Ռմբակոծումներուն կը հետեւին ռազմական գործողութիւններ: Թշնամին յատկապէս աշխոյժ է հիւսիսարեւելեան սահմանագիծին երկարութեամբ: Պաշտպանութեան բանակը համարժէք քայլերու կը դիմէ թշնամիին կրակը լռեցնելու՝ վերահսկողութեան տակ պահելով ռազմադաշտերուն վրայ գործողութիւններուն իրադրութիւնը».նշած է Ստեփանեան: