7 հոկտեմբերի լոյս 8-ի գիշերուան ընթացքին իրադրութիւնը կայուն բայց լարուած մնացած է Արցախա-ազրպէյճանական հակամարտութեան սահմանագիծերուն վրայ:
Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ առանձին շրջաններու մէջ շարունակուած է հրաձգութիւնը, հրթիռային- հրետանային ռմբակոծումները: Ռազմական գործողութիւնները բոլոր ուղղութիւններով վերսկսած են առաւօտեան ժամերուն:
Արցախի պաշտպանութեան բանակը կը շարունակէ վստահօրէն տիրապետել կացութեան եւ հակակշիռի տակ կը պահէ թշնամիին յարձակումները:
« Հինգշաբթի, 8 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 8.30-ի կողմերը, թշնամին փորձած է յարձակիլ հարաւային սահմանագիծի ուղղութեամբ: Թշնամին փախուստ տուած է Ճեպրայիլի մատոյցներէն, կորսնցնելով աւելի քան քսան զինուոր, երեք զրահապատ».տեղեկացուց պաշտպանութեան բանակը: