Ազերիական արկածախնդրութիւնները չեն սահմանափակուիր ռազմական դաշտի սադրանքներով: Քանի մը վայրկեան առաջ ազերի կայքահէններու խումբ մը յարձակեցաւ «Արմենփրէս» լրատուական գործակալութեան կայքին վրայ:
Հայրենի մասնագէտները անմիջապէս ազերիական հակակշիռէն դուրս բերին «Արմենփրէս»ը: «Արմենփրէս» կը շարունակէ ճշմարտութիւնը հաղորդելու իր առաքելութիւնը: