Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ երէկ` երեքշաբթի, 16 նոյեմբեր 2021-ին, կէսօրուան ժամը 1:00-ին, Ազրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները բուռն յարձակում գործեցին Հայաստանի արեւելեան սահմանագօտիին վրայ տեղակայուած հայկական դիրքերուն վրայ` կիրարկելով նաեւ հրետանային միջոցներ, զրահամեքենայ եւ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներ, աւելցնելով, որ կացութիւնը լարուած է, եւ հայկական կողմի պատասխան գործողութիւններուն շնորհիւ թշնամին ունի անձնակազմի մեծաթիւ կորուստներ, ինչպէս նաեւ` զրահամեքենայի:
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը նշեց, որ հայկական կողմը նոյնպէս ունի մարդկային եւ դիրքային կորուստներ, իսկ Հայաստանի զինուած ուժերու 12 զինուորներ (7 պայմանագրային եւ 5 ժամկէտային), գերեվարուած են: Նախարարութիւնը հաստատեց, որ հայկական կողմը ունի մարտական երկու դիրքի կորուստ:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին հետ: Զրոյցի ընթացքին վերահաստատուած է 9 նոյեմբեր 2020-ի եւ 11 յունուար 2021-ի եռակողմ յայտարարութիւններուն նկատմամբ հայկական կողմին հաւատարմութիւնը:
Պատահածին լոյսին տակ ՄԱԿ-ը յորդորեց Հայաստանն ու Ազրպէյճանը` հարցերը լուծելու երկխօսութեամբ եւ զսպուածութիւն ցուցաբերելով, առաջնորդուելու 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեամբ: Կառոյցի ընդհանուր քարտուղարի փոխտեղակալ Ֆարհան Հաք դիտել տուաւ, որ իրենք անհանգիստ են վերջին բռնութիւններուն մասին հաղորդումներէն:
Երէկ` օրուան ընթացքին գումարուեցաւ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի արտահերթ նիստ: Նիստին ընթացքին վարչապետ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստանի արեւելեան սահմանագիծի ուղղութեամբ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու գործողութիւնները ուղղակի նախայարձակում են Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ:
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտարարեց, որ քանի որ յարձակումը եղած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ, ապա «մենք կը դիմենք Ռուսիոյ` Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող 1997-ի պայմանագիրի շրջագիծին մէջ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու կոչով եւ համաձայնագիրի շրջագիծին մէջ փոխադարձ պարտականութիւնները իրագործելու տրամաբանութեան ծիրին մէջ»:
Ըստ Արմէն Գրիգորեանի, 16 նոյեմբերին կացութեան սրացումը կապուած է նաեւ Ազրպէյճանի կողմէ յաւելեալ զրահամեքենայ եւ զինուած ուժեր կիրարկելուն հետ:
Գրիգորեան նշեց, որ կ՛ակնկալեն, որ Ռուսիա օգնութիւն կը տրամադրէ, «եւ մենք կարելիութիւն կ՛ունենանք Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնելու»:
Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) մամլոյ քարտուղարը նշեց, որ քարտուղարութիւնը առայժմ պաշտօնական դիմում չէ ստացած Հայաստանէն հայ-ազրպէյճանական սահմանային լարուածութեան գծով:
«ՀԱՊԿ-ի մէջ ուշադիր կը հետեւին իրավիճակին, կը կարծենք, թէ տագնապը պէտք է լուծուի միայն քաղաքական-դիւանագիտական ուղիով», յայտնեց Վլատիմիր Զեյնեթտինով: