Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հակադարձած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի 28 նոյեմբերին հրապարակուած հարցազրոյցի շարք մը կէտերուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը անհիմն կոչած է Հայաստանի գերիշխան տարածքներու գրաւման մասին պնդումները:
«Հայաստանն է, որ շուրջ 30 տարիէ ի վեր բռնագրաւուած կը պահէ Ազրպէյճանին պատկանող ութ գիւղերը, իր զօրքերը ամբողջութեամբ դուրս չի բերեր Ազրպէյճանի տարածքէն, կը շարունակէ զինուորական սադրանքները, ուստի Երեւանէն հնչող մեղադրանքները տրամաբանական չեն», նշուած է Պաքուի յայտարարութեան մէջ:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ նշած է. «Պէտք է նաեւ չմոռնալ, որ 2020 թուականի պատերազմէն ետք ինքնին Հայաստանն էր, որ տեւական ժամանակ չէր արձագանգեր սահմանագծման աշխատանքներու սկսելու առաջարկին»: