Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բողոք յայտնած է երկրին մէջ Ֆրանսայի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարին` 30 նոյեմբերին Ֆրանսայի Ազգային ժողովին կողմէ որդեգրուած` Հայաստանին աջակցող եւ Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ առաջարկող բանաձեւին դէմ: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն, հաւատարմատարը կանչուած է արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր անոր «խիստ բողոք» ներկայացուած է, թէ բանաձեւը «Ազրպէյճանի դէմ Ֆրանսայի հերթական սադրանքն է» եւ «փորձ է` հարուածելու Ազրպէյճանի եւ Ֆրանսայի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ հանգստութեան հաստատման ուղղուած ջանքերուն»:
Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի խորհրդարանի ստորին պալատը բանաձեւը միաձայնութեամբ որդեգրած էր 30 նոյեմբերին, իսկ վերին պալատը` Ծերակոյտը երկու շաբաթ առաջ որդեգրած էր նոյնանման բանաձեւ մը: