Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարը հանդիպում ունեցած է Իսրայէլի` պաշտօնական այցելութեամբ Պաքու գտնուող պաշտպանութեան նախարարին եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան հետ: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Ըստ ազրպէյճանական աղբիւրներու, կողմերը քննարկած են Ազրպէյճանի եւ Իսրայէլի միջեւ ռազմական-արհեստագիտական համագործակցութիւնը զարգացնելու, ռազմական մասնագէտներու միջեւ աշխատանքային հանդիպումներ կազմակերպելու կարելիութիւնը:
Իսրայէլ Ազրպէյճանին սպառազինութիւն մատակարարող հիմնական երկիրներէն մէկն է, որմէ Պաքուն կը գնէ ռազմամթերք, հետախուզական անօդաչու թռչող սարքեր, կառավարուող եւ թեւաւոր հրթիռներ: