Ազրպէյճանի զինուած ուժերը 23 յուլիսին, ժամը 17:00-ի շուրջ, կրակ բացին հայ-ազրպէյճանական սահմանի Գեղարքունիքի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնեցին, որ անոնց նախորդած են կրակոցներ իրենց` ազրպէյճանական մարտական յենակէտերուն մէջ, ինչ որ կրնայ պայմանաւորուած ըլլալ ազրպէյճանցի զինուորականներուն միջեւ տեղի ունեցած` միջանձնային բնոյթ կրող դէպքով: Այդ կը վկայէ նաեւ այն փաստը, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր հաղորդագրութեան մէջ կը նշէ, թէ հայկական կողմին բացած կրակէն ետք ազրպէյճանցի զինուորական մը մահացած է: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտարարէ, որ հակազդող գործողութիւններու չէ դիմած մինչեւ այն պահը, երբ ազրպէյճանցի զինուած ուժերը կրակ բացած են հայ սահմանապահներուն ուղղութեամբ:
«Ազրպէյճանական կողմի հերթական սադրանքին պատճառով սկսած բուռն փոխհրաձգութեան հետեւանքով հրազէնային թեթեւ վիրաւորում ստացած են Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու 3 զինուոր: Անոնց կեանքին վտանգ չի սպառնար», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
Ըստ աղբիւրին, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը խստիւ կը դատապարտէ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու հերթական սադրանքը` իրադրութեան սրման ամբողջ պատասխանատուութիւնը կրելով: