Հայ ռազմագերիներուն վերաբերեալ Ազրպէյճանէն եկող մտահոգիչ տեղեկութիւններուն լոյսին տակ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Լուսաւոր Հայաստան» խմբաւորումի ղեկավար Էտմոն Մարուքեան նամակ մը յղեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթերէշին, Կարմիր Խաչի միջազգային կազմակերպութեան նախագահ Փեթեր Մաուրերին, Եւրոպական Խորհրդարանի գլխաւոր քարտուղար Մարիա Փուրիչին, Եւրոպական Խորհրդարանի Խորհրդարանական Վեհաժողովի նախագահ Ռիք Տամսիին՝ յայտնելով իր անհանգստութիւնը:
Նամակին վերջաւորութեան Էտմոն Մարուքեան վերոյիշեալ պատասխանատուներուն միջամտութիւնը հայցեց՝ ՄԱԿ-ի ուխտին համաձայն հայ ռազմագերիներուն իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը ապահովելու եւ կանխելու՝ ազերի իշխանութիւններուն հերթական պատերազմի յանցագործութիւնը: