Ազրպէյճանի ներքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Էհսան Զահիտով յայտնած է, որ ձերբակալած են Գորիս-Կապան ճամբէն անցնող իրանեան բեռնակառքերու երկու վարորդներ, որոնք «անօրինական կերպով մուտք գործած են Ազրպէյճանի տարածք»:
«Մեքենաները, որոնք Հայաստանէն անօրինական կերպով անցած են Ազրպէյճանի տարածք, կանգնեցուած են ներքին գործոց նախարարութեան, Պետական մաքսային յանձնախումբի եւ Պետական սահմանապահ ծառայութեան աշխատակիցներու կողմէ: Այդ մեքենաներու վարորդներուն նկատմամբ համապատասխան քայլեր պիտի առնուին` ըստ Ազրպէյճանի օրէնսդրութեան», Ազրպէյճանի ներքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն ըսած է Զահիտով:
«Սփութնիք Արմենիա» կը նշէ, որ վարորդները կը վերադառնային Ստեփանակերտէն, ուր անոնք բեռնաւորած են շաղախը եւ վերադարձած Բերձոր-Գորիս մայրուղիով, որուն Որոտանի հատուածին մէջ ձերբակալուած են: