Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ Շուշան Պետրոսեան դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, թէ այսօր կէսօրին, ազերի թշնամին լայնածաւալ յարձակումի ձեռնարկած է հարաւային սահմանագիծին ուղղութեամբ:
«Թշնամին նոյնիսկ կ’անտեսէ Իրանի իսլամական հանրապետութեան անվտանգութիւնը: Մեր բանակը շարունակաբար կ’ոչնչացնէ թշնամիին բոլոր միջոցները». գրած է Ստեփանեան:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդգծեց, թէ սահմանագիծի վրայ թշնամիին լայնածաւալ յարձակումը տեղի կ’ունենայ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին Պաքու կատարած այցելութեան ընթացքին եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու յայտարարութենէն ժամեր ետք: