Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նախորդ շաբաթ Յունաստան կատարած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ հարցազրոյց մը տուած է յունական «Էթնոս» թերթին:
Իր այցելութեան նպատակին մասին խօսելով` նախարար Նալբանդեան դիտել տուած է, որ հայերն ու յոյները եղբայր ժողովուրդներ են, անոնք կապուած են դարաւոր ջերմ յարաբերութիւններով, փոխադարձ մեծ յարգանքով, փոխադարձ աջակցութեամբ եւ համերաշխութեամբ: Անոր համաձայն, ինք եւ յոյն պաշտօնակիցը կանոնաւոր դրութեամբ հանդիպումներ կ՛ունենան եւ այցելութիւններ կու տան, իսկ այս այցելութիւնը առիթ է քննարկելու միացեալ ընդարձակ օրակարգը, որ կը միտի երկու բարեկամ երկիրներուն միջեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր ոլորտներուն մէջ արդիւնաւէտ համագործակցութեան հետագայ խթանման, ինչպէս նաեւ ներկայացնելու շրջանային խնդիրներուն եւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն վերաբերող մօտեցումները: Նախարարը նկատել տուած է, որ այս հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է Հայաստանի նախագահին` նախորդ տարի Յունաստան կատարած այցելութեան ծիրին մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու գործադրութեան ընթացքը:
Յոյն թղթակիցը դիտել տուած է, որ նախարար Նալբանդեանին այցելութիւնը կայացած է քանի մը օր ետք այցելութենէն Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի, որ Յունաստանէն շեշտած է Լոզանի համաձայնագիրին «վերանայելու անհրաժեշտութիւնը»: Ան հարցուցած է, որ Հայաստանի մօտեցումը ի՞նչ է համաձայնագիրին վերաբերող նման կեցուածքներու նկատմամբ: Նախարար Նալբանդեան ըսած է, որ թէեւ չ՛ուզեր որեւէ համաձայնագիրի վերաբերող մեկնաբանութիւն կատարել, բայց եւ այնպէս կնքուած համաձայնագիրներէն հրաժարելու սովորութիւնը, ըստ երեւոյթին, Անգարայի բնաւորութեան գիծ սկսած է ըլլալ` շեշտելով, որ ասոր վերաբերող բազմաթիւ օրինակներ կարելի է բերել: «Ի շարս այլոց, մենք կրնանք յիշել Ցիւրիխեան արձանագրութիւնները, որոնք ուղղուած էին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման», յայտնեց ան:
Պատասխանելով լրագրողին այն հարցումին, թէ` նկատի առնելով, որ Երուսաղէմի մէջ հայկական ներկայութիւն գոյութիւն ունի, ի՞նչ է Նալբանդեանի կարծիքը նախագահ Տոնալտ Թրամփի` Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաքը ճանչնալու որոշումին մասին, նախարարը ըսած է. «Երուսաղէմի մէջ կայ բազմադարեան հայկական ներկայութիւն, հայկական պատմամշակութային հարուստ ժառանգութիւն: Հայ առաքելական եկեղեցին կը հանդիսանայ Սուրբ վայրերու իրաւատէր եկեղեցիներէն մէկը: Բնականաբար, մենք ուշադրութեամբ կը հետեւինք Երուսաղէմին առնչուող բոլոր զարգացումներուն: Երուսաղէմի կարգավիճակի հարցը միջազգային օրակարգի կարեւորագոյն խնդիրներէն է եւ կրնայ լուծում ստանալ բանակցութիւններու միջոցով` իսրայէլեան-պաղեստինեան տագնապի կողմերուն համար ընդունելի լուծման պարունակին մէջ: Ասիկա կրնայ ուղի բանալ մնայուն անվտանգութեան եւ խաղաղութեան հաստատման դիմաց»:
Լրագրողին վերջին հարցումը կը վերաբերէր արցախեան տագնապի խաղաղ լուծման կարելիութիւններուն եւ այդ լուծումը խոչընդոտող պատճառներուն: Նալբանդեան բացատրած է, որ շաբաթ մը առաջ կայացած ԵԱՀԿ նախարարական խորհուրդի նիստին ինք անդրադարձած էր ինը պատճառներու, որոնք կը խոչընդոտեն խաղաղ բանակցային գործընթացը, հակառակ անոր որ նախագահական եւ նախարարական մակարդակներով բազմաթիւ հանդիպումներ, բանակցութիւններ կայացած են, համանախագահ երկիրները մնայուն միջնորդութիւն կը կատարեն, ԵԱՀԿ-ի եւ այլ կառոյցներու կողմէ համանախագահներու ջանքերուն եւ մօտեցումներուն նկատմամբ կը ցուցաբերուի աներկբայ աջակցութիւն: «Այլ խօսքով` տագնապի լուծման գծով յառաջընթացի բացակայութիւնը պայմանաւորուած է բանակցային գործընթացին մէջ Ազրպէյճանի ցուցաբերած անզիջող եւ առաւելապաշտական դիրքորոշումով, Պաքուի մերժումով` կատարելու այն, ինչ որ ընդգծուած է եւ որուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է Վիեննայի, Ս. Փեթերսպուրկի եւ Ժընեւի մէջ` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն վերջին երեք վեհաժողովներուն, յատկապէս` տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման, զինադադարի վերաբերեալ 1994-1995-ի եռակողմանի անժամկէտ համաձայնագիրներու անվերապահ գործադրութեան, զինադադարի դրութեան խախտումներու հետաքննութեան մեքանիզմի ստեղծման, հակամարտութեան գօտիին մէջ մնայուն դիտարկման կարողութիւններու արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու նպատակով ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի խումբի ընդլայնման վերաբերեալ: Ազրպէյճան ետքայլ կատարեց եւ մերժեց վերահաստատել իր յանձնառութիւնը այն սկզբունքներուն եւ տարրերուն, որոնք առաջարկուած էին Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ` իբրեւ տագնապի լուծման հիմք: Պաքուն հրաժարած է բազմաթիւ այլ համաձայնութիւններէ, եւ այդ օրինակները իրաւամբ հարցականի տակ կը դնեն Ազրպէյճանի` իբրեւ բանակցային կողմի վստահելիութիւնը: Միեւնոյն ժամանակ, Պաքուն կը շարունակէ շփման գիծին մէջ զինադադարի խախտումները եւ սադրանքները: 2016-ի ապրիլին Ազրպէյճան յարձակում սանձազերծեց Արցախի դէմ, արձանագրուեցան անոր կողմէ` միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպտագոյն խախտումներ, քաղաքացիներու, որոնց կարգին երեխաներու, կիներու եւ տարեցներու նկատմամբ դաժանութիւններ, մարմիններու պղծումներ, ՏԱՀԵՇ-ի ոճով գլխատումներ: Այն, ինչ որ առաջարկուած է համանախագահներուն կողմէ, եւ որուն կը սատարէ Հայաստան, կը մերժուի Ազրպէյճանի կողմէ: Ա՛յս է խաղաղ գործընթացի յառաջխաղացքը խոչընդոտող հիմնական պատճառը: Կ՛ուզեմ անգամ մը եւս վերահաստատել Հայաստանի հաստատակամ յանձնառութիւնը` տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման` հիմնուած համանախագահներուն առաջարկներուն վրայ: Բանակցային գործընթացը այլընտրանք չունի: Եթէ Պաքուն հետեւի համանախագահներուն` զինադադարի դրութիւնը լիովին յարգելու կոչերուն, կատարէ նախապէս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը` համանախագահներուն կողմէ առաջարկուած տագնապի լուծման սկզբունքներուն եւ կառուցողաբար ներգրաւուի բանակցային գործընթացին մէջ, այն ատեն ճամբայ կը բացուի խաղաղութեան գործընթացին ուղիով ընթանալու», հաստատած է նախարար Նալբանդեան: