Արցախի հանրապետութեան նախագահի մամլոյ խօսնակ Վահրամ Պօղոսեան յայտարարեց, թէ Ազրպէյճանը կը շարունակէ կոպտօրէն խախտել զինադադարի համաձայնութիւնը:
« Թշնամին տեսակաւոր հրետանիներով կը ռմբակոծէ խաղաղ բնակավայրերը: Ազերի բանակին գործողութիւններուն կը մասնակցին քանի մը հազար վարձկան-ահաբեկիչներ: Պաշտպանութեան բանակը ծանր մարտեր կը մղէ ՝ փորձելով կասեցնել թշնամիին քայլերը: Պէտք է բոլոր ջանքերը գործադրել մինչեւ ակռաները զինուած թշնամիին մեծ վնասներ պատճառելու եւ հայրենական այս պատերազմին յաղթանակ ապահովելու համար». ըսաւ Պօղոսեան