Կիրակի, 27 սեպտեմբեր 2020-ի վաղ առաւօտեան, Ազրպէյճան սկսաւ ռմբակծել Արցախի սահմանագիծի երկարութեամբ գտնուող բոլոր տարածութիւնները: Ռմբակոծութեան ենթարկուին խաղաղ բնակութեան վայրեր, մայրաքաղաք՝ Ստեփանակերտը:
Արցախի հանրապետութեան նախագահի մամլոյ քարտուղար Վահրամ Պօղոսեան պատսպարուելու կոչ ուղղեց բնակչութեան, աւելցնելով, որ Արցախի ինքնապաշտպանութեան ուժերը համաչափ պատասխան կու տան ազերիական յարձակումներուն: «Իրավիճակին պատասխանատուութիւնը կը կրէ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը եւ անձամբ Իլհամ Ալիւեւը». յայտնեց Պօղոսեան:
ՄՆԱՑԷՔ ԵՒ ՀԵՏԵՒԵՑԷՔ ՄԵՐ ԼՈՒՐԵՐՈՒՆ – www.yerepouni-news.com