Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ այսօր առաւօտեան կանուխ ժամերուն Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները Գորիսի, Սոթքի եւ Ջերմուկի ուղղութեամբ հրետանային միջոցներէ, խոշոր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ սկսած են աշխուժօրէն կրակ բանալ հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Հակառակորդը կը կիրարկէ նաեւ անօդաչու թռչող սարքեր: