Կրօնական Ժողովը Ընդունեց Աթեշեանը Պատրիարքի Փոխանորդ Պահելու Թրքական Որոշումը
Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընտրութեան տագնապին առնչութեամբ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի հետ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հանդիպման լոյսին տակ, 9 փետրուարին պատրիարքարանին մէջ նիստ մը գումարուեցաւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Սահակ եպս. Մաշալեանի հրաւէրով: Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթը:
Անցեալ տարի նոյն մարմինին կողմէ պատրիարքի տեղապահ ընտրուած Գարեգին արք. Պեքճեանը, նախքան նիստը Սահակ սրբազանին բանաւոր յայտնած էր, թէ պիտի չմասնակցի հաւաքին, որուն ընթացքին որոշուեցաւ տեղի տալ պետութեան պահանջներուն` պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ պահելով Արամ արք. Աթեշեանը, որովհետեւ «պատրիարքական ընտրութիւնը կը կատարուի եւ կը վերջանայ եկեղեցւոյ ու պետութեան համակամ ընթացքով»:
«Պետութեան կամքը յայտնուած է այն շեշտադրութեամբ, թէ 85-րդ պատրիարքը ընտրելու պայմանները գոյացած չեն տակաւին, հետեւաբար տեղապահի մը ընտրութիւնը անհիմն կը նկատուի: Ուստի, Մեսրոպ պատրիարք հայրը կարելի չէ հանգստեան կոչելով աթոռը թափուր հռչակել, ըստ օրինաց», նշուած է ժողովի զեկուցումին մէջ, ուր նաեւ կ՛ըսուի. «Ժողովական հայրերը անհրաժեշտ նկատեցին ընդառաջել պաշտօնագիրի բովանդակութեան, վասն բարւոք ընթացման` ապագայի մէջ ցանկալի պատրիարքական ընտրութեան համար: Ժողովական հայրերը շեշտեցին նաեւ ի պատեհ ժամանակի պատրիարքի ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը»:
Զեկուցումը կ՛աւարտի հետեւեալ տողերով. «Մեր համայնքի զաւակները կը հրաւիրենք, որ համայնքային մեր խաղաղութիւնը գերադասեն ամէն տեսակի անձնական նկատառումներէ ու մտածումներէ, եւ հեռու կենան վիրաւորիչ, պառակտիչ եւ արդէն իսկ փխրուն վիճակի մէջ գտնուող համայնքային խաղաղութիւնը խանգարող նախաձեռնութիւններէ ու արտայայտութիւններէ»:
Միւս կողմէ, Աթեշեան սրբազանը պատասխանելով «Թերթ»-ի այն հարցումին, թէ ինք չի՞ տեսներ թրքական իշխանութիւններու ցանկութիւնը` միջամտելու Պոլսոյ պատրիարքական ընտրութիւններու հոլովոյթին, ըսաւ. «Այդպիսի բան ըսողները թող Պոլսոյ պատրիարքական աթոռի պատմութիւնը ուսումնասիրեն եւ վերջը խօսին: 550 տարի է` պետութիւնը խառնուած է, նորութիւն չէ ատիկա. եւ այստեղ ըսել, որ պետութիւնը իրաւունք չունի, սխալ է, այդ իրաւունքը մենք չունինք. Պոլսոյ պատրիարքական աթոռը պետութիւնը հիմնած է 1461 թուականին: Ոչ մէկ պատրիարք առանց պետութեան կամքին ընտրուած է»: