Մարտ 14-ին Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի քաղաքապետարանի «Մելինա Մերքուրի» մշակութային կեդրոնի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ յայտնի լուսանկարիչ, Սերգէյ Փարաջանովի թանգարանի տնօրէն Զաւէն Սարգսեանի` «Հայկական ճարտարապետութեան» խորագիրով լուսանկարներու ցուցահանդէսի հանդիսաւոր բացումը: Ցուցադրութեան կազմակերպիչներն են Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը եւ Աթէնքի քաղաքապետարանը:
Բազմամարդ հանդիսութեան ներկայ էին երկրին մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու, Յունաստանի խորհրդարանի, արտաքին գործոց նախարարութեան, մշակութային ու հասարակական կազմակերպութիւններու, գիտութեան, մշակոյթի եւ արուեստի, յունահայ համայնքի ու համայնքային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, գործարարներ, լրագրողներ:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Յունաստանի մօտ ՀՀ դեսպան Գագիկ Ղալաչեան եւ Աթէնքի քաղաքապետարանի մշակոյթի, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան միութեան նախագահ, փոխքաղաքապետ Ն. Պապախելան: Ելոյթով ներկաներուն դիմեց հեղինակը` Զաւէն Սարգսեանը: Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ մարտ 27,- այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն: