Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան «Ալաշկերտ»ը 14 Յուլիսի գիշերը ապահովեց ԵՈՒԷՖԱի «Չեմփիընզ Լիկ»ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքի երկրորդ հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը՝ շրջանցելէ ետք Կալեսի ախոյեան «Քոնաս Քոայ»ի արգելքը:
Դարձի մրցումին, Երեւանի կազմը Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ յաջողեցաւ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրել:
Մրցումին երկարաձգման ընթացքին «Ալաշկերտ»ի եւ մրցումին միակ կօլը նշանակեց ֆրանսացի 28 տարեկան միջնապահ Վենսեն Պեզեքուր (113րդ վայրկեանին):
Նշենք, որ երթին 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրուած էր:
ԵՈՒԷՖԱն վերջերս յայտարարեց, որ այսուհետեւ խումբերը օտար դաշտերու վրայ կօլ նշանակելու առաւելութենէն պիտի չօգտուին, այլ եթէ պատահի, որ մրցումները աւարտին հաւասարութեամբ, ուղղակիօրէն մրցումը պիտի երկարաձգուի:
Բ. հանգրուանի մրցումներուն, «Ալաշկերտ»ը պիտի մրցի «Շերիֆ»ի (Մոլտովա) դէմ: