Երէկ գիշեր Հայաստան ժամանած է աշխարհահռչակ ֆրանսացի դերասան Ալէն Տելոնը: Այս մասին կը տեղեկացնեն AP cinema ընկերութենէն: Բոլոր ժամանակներու ամենացանկալի տղամարդը Հայաստան կը գտնուի «Շնորհաւոր Ամանոր, Մայրեր» կատակերգութեան անդրանիկ ներկայացման առիթով:
Տելոնի Հայաստանեան այցը կազմակերպուած է AP cinema շարժանկարի ընկերութեան տնօրէն Վալերի Սահարեանի հրաւէրով, որ շարժանկարի համաարտադրողն է:
Ալէն Տելոն այսօր պիտի հանդիպի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հետ:
Նշենք, որ Դեկտեմբեր 18-ին Ալէն Տելոն պիտի հանդիպի լրագրողներու հետ, իսկ երեկոյեան «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ շարժանկարի առաջին ցուցադրութիւնը:
Դեկտեմբեր 19-ին շարժանկարի ստեղծագործական կազմը` Ալէն Տելոնի հետ, պիտի մեկնի Մոսկուա` մասնակցելու «Շնորհաւոր Ամանոր, Մայրեր» շարժանկարի անդրանիկ ցուցադրութեան: