«Enjoy movies» եւ «AP cinema» ընկերութիւններու համատեղ արտադրութեամբ «Շնորհաւոր Ամանոր, մայրեր» լիրիքական-ծիծաղաշարժ շարժանկարի հայաստանեան անդրանիկ ներկայացումը պիտի կայանայ Դեկտեմբեր 18-ին: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, կը յայտնեն «AP cinema» ընկերութենէն:
Շարժանկարը բաղկացած է հինգ վիպակէ, որոնց իւրաքանչիւրը նկարահանած է առանձին բեմադրիչ` Արտէմ Ագսենենգոն, Սարիկ Անդրէասեանը, Անտոն Պորմադովը, Տմիթրի Կրաչեւը, Գլիմ Բոբլաւսգին: Շարժանկարի արտադրողներն են` Գէորգի Մալգովը, Սարիկ Անդրէասեանը, Ղեւոնդ Անդրէասեանը, Վալերի Սահարեանը, Վլատիմիր Բոլեագովը:
«Շնորհաւոր Ամանոր, մայրեր» շարժանկարի պիւտճէն կը կազմէ 6 միլիոն ԱՄՆ տոլար` ներառեալ գովազդային-շուկայականութեան ծախսերը, իսկ արտադրութեան վրայ ծախսուած է 2 միլիոն տոլար:
Հայաստանեան անդրանիկ ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ Դեկտեմբեր 18-ին «Մոսկուա» շարժանկար-թատերասրահին մէջ: Շարժանկարը մեծ պաստառներ պիտի բարձրանայ Դեկտեմբեր 27-էն ետք:
Շարժանկարի հայաստանեան ներկայացման ներկայ պիտի գտնուին աշխարհահռչակ դերասաններ Ալեն Տըլոնը, Իրինա Ռոզանովան, Կոնստանթին Գրիւգովը, ինչպէս նաեւ շարժանկարի բեմադրիչ Սարիկ Անդրէասեանը, արտադրողներ` Վալերի Սահարեանը եւ Ղեւոնդ Անդրէասեանը:
«Շնորհաւոր Ամանոր, մայրեր» շարժանկարը նկարահանուած է Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի մէջ: Շարժանկարին մէջ իւրաքանչիւր վիպակ կը պատմէ մօր եւ երեխայի` երկու ամենահարազատ մարդոց սիրոյ մասին: