Յարութիւն Իսկահատեան- Պէյրութ,ՊԱՅՔԱՐ 241
Ալեքսանդր Թօփճեանի «Եւ Անգամ Մահից Յետոյ» (Հայաստանի Գրողների Միութեան հրատ., Երեւան, 2005, մեծ չափի 591 էջ) վէպին գլխաւոր հերոսը մեծ բանաստեղծ, Հայոց Մեծ Եղեռնի նահատակ Ռուբէն Սեւակն է: Հեղինակը մանրմասնութիւններով կը նկարագրէ Ռուբէն Սեւակի մանկութիւնը, պատանեկութիւնն ու երիտասարդութիւնը: Ան գեղարուեստական ոճով կ՛անդրադառնայ անոր մտաւորականի ձեւաւորման, նահատակութեան, ինչպէս նաեւ անոր սիրելիին եւ ապա կնոջ Եաննի Ապէլի մասին: Գիրքին սկիզբը հրատարակչութեան ամփոփ ծանօթագրութեան մէջ կ՛ըսուի. «Ռուբէն Սեւակի համար իր ասպետական հաւատարմութիւնը վսեմ իտեալներին վեր է ամէն ինչից եւ անգամ սեփական կեանքից, ահա թէ ինչո՞ւ նա կտրականապէս հրաժարուելով թուրքերի առաջարկած ստորացուցիչ առեւտրից (մահմետականութիւն ընդունելու գնով փրկել սեփական կեանքը) խիզախ ու աներեր է մնում մահուան սպառնալիքին դէմ յանդիման» (էջ 2):
Կ. Պոլսոյ Սիլիվրի թաղամասի երկաթագործ Յովհաննէս Չիլինկիրեանի որդին՝ Ռուբէն (Սեւակ), որ մտադրած է բժշկութիւն ուսանիլ, շոգեկառքով դէպի Զուիցերիոյ Լոզան քաղաքը կը ճամբորդէ: Ճամբուն վրայ կը ծանօթանայ թուրք երեւելի փաշայի մը որդւոյն՝ Քենանին, ինչպէս նաեւ զուիցերիացի կոմսուհի Ալիսին: Խօսակցութեան ընթացքին Քենան Ռուբէնին կ՛ըսէ, թէ օսմանցիք երէկուանը չեն այլեւս: Անոնք փոխուած են, շա՜տ փոխուած են…:
Լոզանի մէջ Ռուբէն Չիլինկիրեան համալսարան կը յաճախէ: Իր դասախօսներէն ամենէն աւելի մօտ կ՛ըլլայ դոկտ. Ռուի հետ, յաճախ երեկոները միասին աղքատ հիւանդներու կ՛այցելեն: Այլ հայ ուսանողներու կը ծանօթանայ եւ իր նախագահութեամբ կը հիմնուի Արմենիա միութիւնը, որ յատկապէս կարիքաւոր ուսանողներու կ՛օգնէ: Ռուբէն Քենանէն կ՛իմանայ թէ անոր փաշա հայրը ձերբակալուած է Պոլսոյ մէջ ու աքսորուած: Աւելի ուշ կ՛իմանայ անոր խեղդուիլը Գոնիայի բանտին մէջ: Պոլսոյ արուարձան Սիլիվրիի իր ազգականներէն բացի, ան «Լոյս», «Արեւելեան Մամուլ» եւ «Մասիս» թերթերու խմբագրութիւններէն նամակներ կը ստանար եւ կը թղթակցէր անոնց:
Ռուբէն Սեւակ դոկտ. Ռուի հետ տեսած էր Զուիցերիոյ մռայլ կողմերը՝ թշուառութիւն, անարդարութիւն եւ մարդկային էութեան քստմնելի դրսեւորումներ: Սակայն կոմսուհիին բնակարանը ակամայ լսած հարցերը բոլորովին ուրիշ բան կ՛ըսէին:
Թիֆլիահայ ուսուցչուհիի մը նամակէն Ռուբէն Սեւակ կ՛իմանայ, թէ բանաստեղծ Սիամանթօ Զուիցերիոյ Լէյզէն գիւղի թոքախտանոցներէն մէկուն մէջ կը գտնուի: Ան Լէյզէն մեկնելով Սիամանթոյին կ՛այցելէ որուն հետ կը զրուցեն գրական եւ ազգային նիւթերու շուրջ: Համալսարանին մէջ եւ շրջապատը կեանքը կը շարունակուի ուրախ եւ տխուր կողմերով, ուր Ռուբէն Սեւակ 17-ամեայ գերմանուհի Եաննիին կը սիրահարի:
Մինչ այդ Երիտթուրքերը բուռն գործունէութիւն ծաւալած էին Զուիցերիա ուսանող թրքահպատակներուն մէջ: Առանձնայատուկ նախաձեռնութեամբ անոնք կը հետապնդէին երիտասարդները եւ ուսանողները, անոնց խօսելով սուլթան Ապտիւլ Համիտի բռնապետութեան դէմ: Հրապարակի վրայ շատ զրոյցներ կը շրջէին Օսմանեան Պետութեան ներքին վիճակին շուրջ: Թրքահպատակ հայ ուսանողները՝ գրեթէ բոլորը չէզոք, սպասողական դիրք բռնած էին եւ կը փորձէին ամէն ձեւով հեռու մնալ այդ զրոյցներէն: Միւս կողմէ Փարիզի մէջ երիտթուրքերու ղեկավարները բաւական կը մշակեն Քենանը՝ սուլթանին հանդէպ անոր անձնական վրէժը նկատի ունենալով:
Ռուբէն Սեւակ արձակուրդին կը վերադառնայ Պոլիս, որ երիտթուրքերու յեղաշրջման օրերուն կը զուգադիպի: Չքնաղ գաղափարներով նշանախօսքեր եւ խոստումներ կը լսէ ան յեղափոխական թուրք զինուորներէն: Բռնատիրութիւնը վերջ կը գտնէր…:
Պոլիս իր ընկերներուն հետ կը գործակցի թատերական ասպարէզին մէջ: Ռազմական նախարարութենէն ծանուցում կը հրապարակուի զինուորագրուելու: Ռուբէնի հայրը նախապէս 45 ոսկի պետել (զինուորական ծառայութեան փոխարէն տուրք) վճարելով ազատած էր: Հիմա ալ նոյն բանը կրնար ընել իր տղուն համար, սակայն դժուարութիւններ կային: Ռուբէն իր բարեկամ Քենանի հետ կը ներկայանայ գնդապետին եւ հարցը կը լուծուի 60 ոսկի վճարելով:
Քենանն ու գնդապետը իթթիհատական էին եւ նախապէս ալ զիրար կը ճանչնային: Ռուբէն Սեւակ Լոզան կը վերադառնայ, ուրկէ Եաննիի հետ կը նամակակցի: Ան տեղական թերթի մէջ կը նշմարէ Ատանա, Տարսոն, Տէօրթ Եոլ եւ ուրիշ ծանօթ անուններ ու 20.000-25.000 թիւերը: Կը պարզուի թէ 1909-ին Կիլիկիոյ մէջ հայոց ջարդեր տեղի ունեցած էին:
Ռուբէն Սեւակ կ՛ամուսնանայ Եաննի հետ: Կ՛ունենան մանչ զաւակ մը եւ դուստր մը, զորս Լեւոն եւ Շմիրամ կ՛անուանեն: Ան կ՛աւարտէ բժշկական ուսումը եւ ընտանեօք Կ. Պոլիս կը վերդառնան, ուր հիւանդանոցի մը մէջ կը սկսի աշխատիլ:
Ա. Համաշխարհային Պատերազմը կը պայթի: Օր մը երկու զինուոր-ոստիկաններ Ռուբէնի տունը կուգան իբրեւ թէ զայն Բերա հիւանդի մը տեսութեան տանելու: Սակայն փոխարէն ան նենգաբար բանակ կը տարուի իբրեւ սպայ-բժիշկ: Եաննի լսած ըլլալով քաղաքին մէջ հայոց ձերբակալութիւններուն մասին, գիշերը մտատանջութեան կը մատնուի: Հիլմի փաշա, զոր Ռուբէն բուժած էր եւ մահէն ազատած Լոզանի մէջ, կը փորձէ ազատել զայն: Եաննի Հիլմիի հետ գործակցաբար կը դիմէ գերմանացի զինուորականներու, որոնք վստահաբար կրնային ազատել Ռուբէն Սեւակը: Ակնյայտ էր, որ այդ օրերուն գերմանական դեսպանատունը Պոլսոյ թրքական ղեկավարութեան տէրն ու տիրականն էր: Եաննի գերմանացի զինուորական Կոնտանդին ֆոն Նոյրաթին կը դիմէ:
Գաւառներէն եկող լուրերը հայոց կոտորածները կը գուժէին: Ռուբէն Սեւակ, որ այժմ օսմանեան բանակին կը ծառայէր, արձակուրդով տուն կու գայ: Դանիէլ Վարուժան կ՛ացելէ անոր ու երկու բանաստեղծները կը զրուցեն գրական, ազգային եւ այլ նիւթերու շուրջ: Ռուբէն ապա կը վերադառնայ բանակ՝ իր պաշտօնին:
Նոյրաթ կը յաջողի ապահովել աւելի բարձր պաշտօնով այլ գերմանացի զինուորական՝ Եոհանի միջնորդութիւնը: Եոհան Եաննիի հօրեղբայրն էր: Անոնք միասին կը մտադրեն Ռուբէնը ընտանեօք Գերմանիա փոխադրել, բանակէն ազատուելու պարագային: Ռուբէն Սեւակի կինը՝ Եաննի այս միջոցին գերմանացի զինուորականներու հետ ջանք չի խնայեր ամուսինը ազատելու:
Թուրքերը Ռուբէն Սեւակը շոգեկառքով Էնկիւրի (Անգարա) կը տանին: Ան ճամբուն վրայ հայապատկան քանդուած տուներ կը նշմարէ: Բանակի հրամանատարը Անգարայի մէջ Սեւակը ռազմական դատարան կը տանի, ուր զինք աքսորելու վճիռ կը տրուի, որուն ճամբուն վրայ անոնք կ՛անցնին Գալեճիք կոչուած գիւղէն, ուրկէ շուտով գետին եզերքը կը տանին: Հոն Ռուբէն Սեւակ կը հանդիպի քանի մը հայ մտաւորականներու: Ապա թուրքերը զանոնք Չանղըրը ՛աքսորեն, ուր անոնց կ՛առաջարկուի իսլամանալ եւ թրքանալ: Հայ մտաւորականներէն ոչ մէկը կը համաձայնի: Մտաւորականներու կեցած տեղէն քիչ անդին ահռելի բաներ կը պատահին՝ ծեծ, խոշտանգում եւ կոտորած: Չանղըրըի 700 աքսորուած հայ ընտրեալներէն ողջ կը մնան միայն 70-ը, որոնք դէպի շրջակայ կիրճերն ու ձորերը կը քշուին:
Հայ մտաւորականները իրար քով կը հաւաքուին ու կը զրուցեն: Անոնց մէջ կ՛ըլլան Դանիէլ Վարուժան, Բիւզանդ Քէչեան, Տիրան Քելեկեան, Կոմիտաս Վարդապետ, Ռուբէն Սեւակ եւ ուրիշներ: Այս միջոցին Պոլսոյ մէջ Եաննի կ՛այցելէ գերմանական դեսպանատուն եւ խօսակցութեան մէջ կ՛ըսէ թէ հայոց կեանքը դժոխքի վերածուած է:
Չանղըրը քաղաքի տէրն ու տիրականը Արապաճիպաշը (կառապանապետ) Իսմայիլն էր: Անոր դուստրը եօթը զաւակ ունէր, որոնցմէ մէկը՝ Այշէն հիւանդ էր: Ռուբէն Սեւակ կը բուժէ այդ աղջիկը: Այս բարեբաստիկ առիթով Ռուբէն Իսմայիլէն նահանգապետը տեսնելու արտօնութիւն կ՛առնէ: Ան նահանգապետէն կ՛իմանայ թէ Թալաաթ հրաման արձակած է հաշուել Չանղըրըի հայերը եւ շուտով զանոնք ճամբայ հանել դէպի Այաշ: Այդ օրհասական օրերուն հայ մտաւորականները կրկին կը հաւաքուին եւ կը խորհրդակցին: Անոնք միաձայնաբար կը մերժեն իսլամանալ եւ թրքանալ, այլ պայքարիլ մինչեւ մահ:
Որոշուած էր Ռուբէն Սեւակը, Դանիէլ Վարուժանը, Օննիկ Մաղազաճեանը, Վահան Քեհեայեանը եւ հացագործ Յարութիւնեանը Այաշ ուղարկել: Ձեռնաշղթաներով աքսորականներուն թուրք ոստիկաններ կ՛ուղեկցին: Ճամբուն վրայ տասը պաշըպօզուք աւազակներ անոնց ընթացքը կը կասեցնեն եւ հինգ աքսորեալներ կը սպաննեն: Ռուբէն Սեւակ եւս զոհ կ՛երթայ նենգ թուրքերու ոճրային արարքին: Հեղինակը՝ Ալեքսանդր Թօփճեան այդ պահը հետեւեալ ձեւով կը նկարագրէ. «Տնքոցները շարունակւում են: Հայեացքը մի փրկութիւն ունի լոկ. Երկինքը անսահման կապոյտ… Գլուխը յետ գցեց, որպէսզի միայն երկինքը տեսնի, ուսերը ցնցեց, ձեռքերը փորձեց ազատել կոշտ պարանի կապանքներից… Բանի տեղ չդրեց… Այդ պահին մի սուր ծակոց զգաց այնտեղ, ուր սիրտն է… Սրտի ծակոց վաղուց ունէր… Զգաց նաեւ թէ ինչպէս կապանքներից ազատուած սլանում է երկինք… Եւ այդ ծակոցն անսպասելի սլացքի հրճուանքից էր գուցէ եւ ոչ թէ ոճրագործի դաշոյնից, որ մինչեւ կոթը մխրճեց սիրտը…» (էջ 589):
15 Հոկտեմբեր 1915-ին Ռուբէն Սեւակի կինը՝ Եաննի իր երկու զաւակներուն եւ մօրը հետ կը մեկնի Զուիցերիա, վերջնականապէս թողելով այն երկիրը, որ գերեզման դարձաւ ողջ հայ ժողովուրդին…:
Պատումի պերճախօսութիւնն ու մանրամասնութեանց ճշգրտութիւնը այն տպաւորութիւնը կը ձգէ, թէ հեղինակը՝ Ալեքսանդր Թօփճեան այնքան մանրամասն ուսումնասիրած է Ռուբէն Սեւակի կեանքին ընդմէջէն իր մշակած նիւթը, որ թէեւ գրական ձեւով ներկայացնելով, կարծէք ականատես վկայ մը եղած ըլլար Հայասպանութեան: