ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ԹԻՒ 7
Կարիքաւոր ընտանիքներուն սննդամթերք տրամադրելու աշխատանքներուն նպաստելով, Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան ընտանիքը 100,000,000 լիբանանեան ոկիով կը մասնակցի Ազգային վարչութեան նախաձեռնած մայիս ամսուան ընթացքին 2000 սնտուկ սննթամթերք տրամադրելու աշխատանքներուն։
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան ամոլին, որ Լիբանանի տնտեսական դժուարութիւններուն դէմ յանդիման եւ Քորոնա ժահրին յառաջացուցած տագնապները յաղթահարելու ճիգերուն մէջ միշտ ալ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ իր նպաստը բերած է՝ զօրակցելով կարիքաւոր ընտանիքներուն։
Կը մաղթենք, որ Լիբանանահայութեան թիկունք կանգնելու ճիգերը յառաջիկային կը բազմապատկուին, որպէսզի հաւաքաբար շրջանցենք դժուարին պայմանները եւ հասնինք մեր ժողովուրդի բոլոր կարիքներուն։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ