«Գէորգն ալ հայ մըն է, որ նոր հաստատուած է Սթրազպուրկ»:
Հայր Հերըլտ Նահապետեանը կու գայ Քանատայէն. ան հոգեւոր հովիւն է Սթրազպուրկի Անկլիքան եկեղեցւոյ: Երեքշաբթի, 25 Դեկտեմբեր 2012¬ին` Ս. Ծննդեան օրուան պաշտամունքին, ան պատգամեց Քրիստոսի ծննդեան արժէքին մասին: «Քրիստոսի ծննդեան թուականը կրնայ յստակ չըլլալ, բայց եւ այնպէս կը տօնենք ամէն տարի, քանի որ կայ արժէքը», ըսաւ ան: Բայց հետաքրքրական էր այն, որ իր կատարած մէջբերումին մէջ իբրեւ օրինակ յիշեց իր հօր պարագան… «Հայրս ալ իր ծննդեան թուականը չէր գիտեր, բայց եւ այնպէս ամէն տարի կը տօնէինք իր տարեդարձը», ըսաւ ան: «Կ՛ուզէինք տեսնել հօրս ապրած ու ապրելիք կեանքին արժէքը», եզրափակեց ան:
Յստակ էր հայր Նահապետեանի հօր ծննդեան թուականին անյստակութիւնը: Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայրը հոս ու հոն թափառելէ ետք հասած էր Քանատա` իրեն հետ բերելով միայն ինք իր անձը: Կեանքը կերտած էր հոն` Քանատա, առանց յիշելու իր ծննդեան թուականը, բայց լաւապէս յիշելով ու կառչելով այն վճռակամութեան, որ հայուն կեանքը պիտի շարունակուի: Իսկ Հերըլտ Նահապետեան լաւագոյն կենդանի օրինակը կը հանդիսանայ այդ շարունակականութեան, մանաւանդ որ անոր կեանքը նուիրուած էր Քրիստոսի եւ անոր եկեղեցւոյ քարոզչութեան:
Հայր Նահապետեան եւ ես զրուցեցինք հայերէնով, բայց կար անկէ աւելին` ինքնութեան եւ պատկանելիութեան ջերմութիւնը, որ կարծես իրեն համար տարբեր բան մը կ՛աւելցնէր այդ օրուան եկեղեցի¬ժողովուրդ հաղորդակցութեան մէջ, մանաւանդ որ բոլոր հաւատացեալները ոչ հայեր էին: Հերըլտ խանդավառ էր, որ կը զրուցէինք հայերէնով, անոր խանդավառութեան վրայ բան մըն ալ աւելցաւ, երբ Գէորգին ձեռքէն սեղմած` քովս եկաւ եւ ծանօթացնելով յայտնեց, որ ան ալ հայ էր:
Գէորգ երեք ամիս առաջ եկած է Հայաստանէն: Երիտասարդ ու կորովի` հայու եւ իր հայրենի տան ջերմութեան կարօտով, զրուցեց ինծի եւ հայր Նահապետեանին հետ: Եկեղեցւոյ ցուցատախտակին վրայ տեսած էր հայր Նահապետեանին անունը` հայ մը, եւ քաջալերուած էր եկեղեցի մտնելու, ծանօթանալու եւ ինքզինք ծանօթացնելու: Կարօ՞տն էր միայն, թէ՞ արեան ու ինքնութեան կանչը եւս: Եւ շարունակեցինք մեր զրոյցը: «Ի՞նչ գործով կը զբաղիս, ի՞նչ պիտի ընես հոս», եղաւ Նահապետեանին առաջին հարցումը` Գէորգին ուղղուած: «Յայտնի չէ», եղաւ պատասխանը: «Ի՞նչ է իրաւական կարգավիճակդ այս երկրին մէջ» հարցումին պատասխանը եւս «յայտնի չէ» էր: Բայց կայ աւելի՛ն. «Ի՞նչ կը ծրագրես ընել». «Չեմ գիտեր», պատասխանեց Գէորգ: Ես բաւականացայ միայն մտիկ ընելով, իսկ հայր Նահապետեանի դէմքին վրայ ուրուագծուած էր փոքր ժպիտ մը, որուն ետին յստակ կերպով կ՛արտացոլային մտահոգութիւնն ու յուզումը: Գէորգին ներկայութեան ինծի նայելով եւ Հայաստանէն արտագաղթող բոլոր հայերուն ակնարկելով ու անոնց վիճակը մատնանշելով` ըսաւ. «Չեմ գիտեր` ինչպէ՛ս կ՛ընեն»:
Կնոջս հետ զրուցելով` կը թափառէինք ու կը հիանայինք Սթրազպուրկի եւ Ալզասի շրջանի գեղեցկութեամբ, նաեւ կը սքանչանայինք Ս. Ծնունդի առիթով գեղեցիկօրէն զարդարուած փողոցներուն եւ ցուցափեղկերուն ի տես: Սիրանուշը լսեց մեր հայերէն խօսակցութիւնը` ժպտելով, ջերմութեամբ մօտեցաւ մեզի եւ ըսաւ. «Ես ալ հայ եմ…»: Սիրանուշ բաւականացաւ` ըսելով, որ եկած է Հալէպէն: «Բայց Հալէպ արեւելահայերէն չեն խօսիր», եղաւ իմ արագ ակնարկութիւնս: Սիրանուշի պատմութիւնը չուշացաւ: Ծնողքը քանի մը տարիէ ի վեր հասած են Ալզասի այս ափերը: Ինք փորձած է ամէն ձեւով «ելք» մը գտնել` դուրս գալու համար հայրենի տունէն: Հալէպը եղած է առաջին հանգրուանը: Հալէպէն ետք «բախտը բացուած է», հասած եւ միացած է իր ընտանիքին: Սիրանուշ ապրած էր Հալէպի եւ հայկական գաղութի ջերմութիւնն ու հաղորդականութիւնը, իսկ այսօր այդ բոլորը կը փնտռէր Սթրազպուրկի մէջ: Խօսեցանք, ապա բաժնուեցանք, իսկ քիչ անց Սիրանուշ վերադարձաւ եւ ըսաւ. «Հիմա խօսեցայ մօրս հետ, կը բարեւէ ձեզի եւ կ՛ուզէ, որ անպայման մեզի այցելէք»:
Թէեւ չկրցանք Սիրանուշի խնդրանքին ընդառաջել, բայց ապրեցանք եւ վայելեցինք պահը հայուն կարօտին ու անոր հաղորդակցութեան ջերմութիւնը: Սիրանուշ կը փնտռէր զայն` կարօտը, կարօտ հայուն, հողին, տան, բարեկամութեան` իր տարբեր երեսներով եւ ծալքերով: Ծանօթ անծանօթներ էինք, մեր կապին մէջէն պիտի առկայծէր հայուն կեանքին հետ հայօրէն հաղորդակցելու հրճուանքը` թէկուզ շատ կարճ պահուան մը համար, սակայն` շատ արժէքաւոր ու պիտանի դրսեւորումով:
Արտակը 35 տարեկան ուժեղ եւ ժպտուն երիտասարդ մըն է, որ արդէն տասը տարիէ ի վեր հաստատուած է Սթրազպուրկ: Ծնողքն ու եղբայրը Հայաստան կը գտնուին, իսկ ինք առանձինը կ՛ապրի այս քաղաքին մէջ: Փորձած է համալսարանական ուսում մը կորզել` հաշուուած¬չհաշուուած իր կեցութեան տասը տարիներուն ընթացքին, բայց ապարդիւն: Իսկ հիմա ան թարգմանական գործեր կը կատարէ: Տիրապետելով ֆրանսերէնին` կը փորձէ հայերէնի թարգմանութիւններ ընելով օգտակար հանդիսանալ աւելի քան ութ հազար հայերու, որոնք եկած են Հայաստանէն եւ հաստատուած` Սթրազպուրկ: Տակաւին տարի մը առաջ Արտակ կրցած է ձեռք ձգել կեցութեան յատուկ արտօնագիր` իր քաղաքացիական իրավիճակը աւելի «ապահով» դարձնելով:
Տիրանն ու Նազիկը հալէպահայեր են, որոնք աւելի քան քառասուն տարիներէ ի վեր հաստատուած են Սթրազպուրկ: Հաւանաբար միայն իրենք եւ մէկ¬երկու այլ ընտանիքներ արտասահմանէն եկած են, մնացեալ բոլոր հայերը կու գան հայրենիքէն: Տիրանն ու Նազիկը լայն սիրտ եւ ընդունելութիւն կը ցուցաբերեն բոլոր հայերուն նկատմամբ, որոնք կարիք ունին օգնութեան: Իրենց տունը ձեւով մը «բաց դուռ» է, ուր հայեր կրնան մտնել, եթէ կ՛ուզեն եւ կը փնտռեն քիչ մը «ապահովութիւն»: Բայց այս բոլորէն վեր` անոնք կը յայտնեն նաեւ իրենց ցաւն ու մտահոգութիւնը, թէ հայրենիքը կը պարպուի իր հարազատ զաւակներէն:
Բայց շարունակեցի լսել արեւելահայերէն ` հոս թէ հոն, ալզասեան այս գեղեցիկ քաղաքին մէջ մէկ շաբթուան կեցութեանս ընթացքին: Կարծես յագեցած ըլլայի հանդիպումներէն ու անոր միջոցով հաստատուած հաղորդակցութիւններէն ու հաղորդականութիւններէն` չկրցա՞յ, թէ՞ չուզեցի (ես ալ չեմ գիտեր) ժամանակ տալ կենալու եւ ըսելու հայերէն խօսողներուն, թէ` «Բարե՛ւ, ես ալ հայ եմ»: Կասկածէ վեր էր, թէ ուրախ էի, որ կը լսէի հայերէն, բայց հայր Նահապետեանին զարմանք¬հարցումէն մեկնելով` կար նոյն հետեւողականութեամբ ուրիշ հարցում մը, որ կը չարչրկէր միտքս ու հոգիս` «Չեմ գիտեր` ինչո՛ւ կ՛ընեն»: Ինչո՞ւ պէտք է ձգել սեփական տուն, հող, հայրենիք, հարազատ, հայօրէն ու հայկականօրէն ապրելու առանձնաշնորհումներ եւ գալ հոս թէ հոն, նոյնիսկ երբ այդ բոլոր վայրերը շատ գեղեցիկ են, սակայն հեռու են արմատէն, ինքնութենէն, հայկականութենէն: Բայց չէ՞ որ տարիներ շարունակ երազեցինք եւ փափաքեցանք հայրենիք ունենալ, այս տեսլականով ապրեցանք երկար տարիներ: Բայց ինչպէ՞ս բացատրել այն սուղ փորձառութիւնը, զոր ապրեցանք իբրեւ ժողովուրդ` կորսնցնելով թիւ ու հող` թէ՛ կալուած եւ թէ՛ մտաւորական¬մշակութային արժէքներ. աւելի՛ն, «ծննդեան թուական»-ը նոյնիսկ: Եթէ տնտեսական ու ապրուստ ճարելու մղձաւանջն է հայրենիքէն արտահոսքի մղողը, բայց արդեօք ո՞ւր է այն ապահով վայրը, յատկապէս` վերջին տարիներուն, ուր մարդ չի տագնապիր իր տնտեսական վիճակներուն բարւոք լուծում մը գտնելու:
Եթէ մեր հայրենի ներկայ իրավիճակին ու անոր տուն տուող արտագաղթին պատճառներն ու անոնց բարւոք լուծումներուն գործընթացը դիւրին չեն, եւ եթէ պատասխանները քիչ մը կ՛ուշանան, բայց կը մնայ հարցումը, որուն ետին կայ ցաւն ու յուզումը. «Չեմ գիտեր` ինչո՛ւ (ինչպէ՛ս) կ՛ընեն»:
ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ