Ըստ հայաստանեան որոշ թերթերու՝ շարժանկարի ռուսահայ արտադրիչ Վալերի Սահակեան պիտի արտադրէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին ժապաւէն մը, որուն գլխաւոր դերերը պիտի ստանձնեն Ալէն Տըլոն, Տասթին Հաֆմըն եւ Ատրիան Պրոտի:
Վալերի Սահակեան «Արմինիա Փրոտաքշըն» շարժանկարի արտադրութեան ընկերութեան նախագահն է: Անոր մեծ մայրը Ցեղասպանութենէն վերապրած մըն է, որ իր ապրած սարսափներուն մասին պատմած է թոռանը:
Վ. Սահակեան կը ծրագրէ Ալէն Տըլոնին յանձնել «Փէյշընթ» խորագրեալ այս ժապաւէնի գլխաւոր դերերէն մէկը: Նիւթը կը զարգանայ Փարիզի հոգեբուժարաններէն մէկուն մէջ, եւ անոր հերոսն է Կոմիտաս վարդապետը:
Սահակեան վերջերս կապ հաստատած է Սերժ Թանկեանի հետ, որ համաձայնած է հեղինակել ապագայ ժապաւէնի երաժշտութիւնը: Օսքարակիր դերասան Ատրիըն Պրոտի պիտի ստանձնէ ժապաւէնին գլխաւոր դերը:
«Նոր Յառաջ»