Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կ՛ընդգծէ, որ Ատրպէյճանի նախագահին հետ յառաջիկայ հանդիպումին ընթացքին միտքեր պիտի փոխանակուին Արցախը հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւններուն մէջ ներգրաւելու հարցին շուրջ:
«Արմէնփրէս»ը կը տեղեկացնէ, թէ Հայաստանի վարչապետը նման յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ Ազգային ժողովին մէջ Հայաստանի կառավարութեան ծրագիրի կատարման եւ ընթացքին մասին զեկոյցի քննարկման ատեն՝ պատասխանելով «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Նայիրա Զոհրապեանի հարցումին:
Պատասխանելով պատգամաւորին հարցումին՝ թէ «կարելի՞ է ենթադրել, որ Իլհամ Ալիեւի հետ յառաջիկայ հանդիպման ընթացքին միտքեր պիտի փոխանակուին նաեւ Արցախը բանակցութիւններուն մէջ ներգրաւելու հարցին շուրջ»՝ վարչապետը պատասխանեց. «Այո, անշուշտ, Ստեփանակերտի մէջ իմ ունեցած ելոյթին առաջին դրոյթը այդ էր: Ես իմ ասուլիսին ընթացքին ալ ըսի, որ ես կը փափաքիմ, որ բոլորս ճիշդ հասկնանք, որովհետեւ կան տարբեր մեկնաբանութիւններ թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ Հայաստանէն դուրս: Տարօրինակ կերպով նաեւ Հայաստանի մէջ մեկնաբանութիւն կայ, որ ասիկա բանակցային ձեւաչափի փոփոխութեան առաջարկ է: Այս մէկը բանակցային ձեւաչափի փոփոխութեան առաջարկ չէ եւ չի կրնար ըլլալ»:
Նիկոլ Փաշինեան աւելցուց, որ կրնայ կանխատեսել, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկումները պիտի ըլլան նախապէս կատարուած յայտարարութիւններու ծիրին մէջ: «Այն, ինչը յայտարարեցի Ստեփանակերտի մէջ, Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան խորհուրդներու համատեղ նիստին ընթացքին, անիկա, ըստ էութեան, այն օրակարգն է, որով մենք կ՛երթանք բանակցութիւններու, քննարկումներու, եւ այս այն հարթակն է, որուն վրայ պիտի հիմնուինք յետագայ բանակցային ամբողջ գործընթացի ընթացքին», ըսաւ Փաշինեան:
Անդրադառնալով Նայիրա Զօհրապեանի հարցումին՝ կայ արդեօք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու յառաջիկայ հանդիպման օրակարգը, Փաշինեան պատասխանեց, որ Ատրպէյճանի նախագահին հետ նախորդ քննարկումներուն ընթացքին յայտնեց իր դիրքորոշումը, որ առնուազն սկզբնական փուլին այդ հանդիպումները պէտք չէ յստակ օրակարգ ունենան: «Պէտք է ըլլան հարցերու լայն շրջանակ, եւ մենք ուղղակի պէտք է միտքեր փոխանակենք տարբեր հարցերու վերաբերեալ», ընդգծեց վարչապետը: