ՄՈՍԿՈՒԱ, «Փանորամա».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա շաբաթական իր ճեպազրոյցին ընթացքին, պատասխանելով հայ լրագրողի մը հարցումին՝ յայտնեց. «Լաւ գիտենք, որ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները հարեւան Հայաստանի հետ լարուած են, իսկ Ալիեւի կատարած վերջին յայտարարութիւնը ակնյայտօրէն լարուածութիւնը թուլացնելուն չի նպաստեր»:
Նշենք, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, նախօրէին, «Ենի Ատրպէյճան» կուսակցութեան համագումարին ընթացքին յայտարարած էր, որ «Երեւանն ու Զանգեզուրը ատրպէյճանական հողեր են», եւ որ Ատրպէյճան ետ պիտի վերցնէ այդ հողերը:
Պատասխանելով ատրպէյճանցի լրագրողի մը հարցումին, թէ Ատրպէյճանի նախագահական ընտրութիւններէն ետք ԼՂ հակամարտութեան լուծման ուղղութեամբ ի՞նչ լուրջ զարգացումներ կրնան ըլլալ՝ Զախարովա յայտնեց, որ Մոսկուա կը յուսայ, որ ԼՂ հակամարտութիւնը լուծում պիտի ունենայ:
«Ինչպէս գիտէք, մենք յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնենք այդ հակամարտութեան», նշեց Զախարովա՝ աւելցնելով, որ Մոսկուա աշխուժօրէն կը մասնակցի միջնորդական բոլոր գործողութիւններուն: