ԱՆ «ԱՆՀԵԹԵԹՈՒԹԻՒՆ» Կ՛ՈՐԱԿԷ ԻՐԱՆԻ ՊՆԴՈՒՄՆԵՐԸ
ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճան ռուսական կողմէն կ՛ակնկալէ Արցախի «ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի գօտիին մէջ օտարերկրեայ քաղաքացիներու անօրինական ներթափանցման հարցի լուծումը», իտալական «Լա Ռեփոպլիքա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:
«Ընդհանուր առմամբ, մենք գոհ ենք ռուս խաղաղապահներու գործունէութենէն… Այս ընթացքին կացութիւնը կայուն է, բացառութեամբ քանի մը աննշան միջադէպերու, եւ մենք ընդհանուր առմամբ գոհ ենք», աւելցուց Ալիեւ:
Ապա, ան բողոքեց, որ կան որոշ հարցեր, որոնք պէտք է լուծուին: «Մասնաւորաբար՝ հարց կայ օտարերկրացիներու մասին, որոնք պէտք է Ատրպէյճանէն արտօնութիւն ստանան ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիին մէջ գտնուող ատրպէյճանական տարածքներ այցելելու համար (նկատի ունի Արցախը)», ըսաւ ան:
«Մենք այդ մասին տեղեկացուցած ենք Ռուսիոյ իշխանութիւններուն եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան, որպէսզի նման փաստերուն վերջ տրուի: Այս եւ շարք մը այլ հարցեր պէտք է լուծուին: Սակայն այժմ մենք, ընդհանուր առմամբ, գոհ ենք խաղաղապահներու աշխատանքէն», ընդգծեց Ատրպէյճանի ղեկավարը:
Ալիեւ նաեւ «կատարեալ անհեթեթութիւն» կոչեց Արցախի բռնագրաւեալ տարածքներուն մէջ Իսրայէլի ներկայութեան վերաբերեալ Իրանի պնդումները:
«Մենք կը մերժենք Ատրպէյճանի դէմ բոլոր մեղադրանքները՝ ազատագրուած տարածքներուն մէջ Իսրայէլի ներկայութեան վերաբերեալ: Ասիկա կատարեալ անհեթեթութիւն է», պնդեց ան:
«Այդ ընդամէնը պատրուակ է Ատրպէյճանը արատաւորելու համար եւ ուղղուած է ներքին լսարանին: Ոեւէ անձ կրնայ երթալ եւ տեսնել, որ այնտեղ նոյնիսկ կեանք չկայ: Ամէն ինչ քանդուած է», նշեց Ալիեւ:
Մեկնաբանելով աղմկայարոյց «Փանտորայի փաստաթուղթեր»ու գայթակղութիւնը՝ ան ըսաւ. «Ես երկար ժամանակ կը բախէի նման հարցերու: Նկատի ունենալով քաղաքական կացութիւնը՝ մերթ ընդ մերթ Արեւմուտքի որոշ ուժեր կը փորձեն զրպարտութիւն օգտագործել Ատրպէյճանի վարկը փճացնելու եւ անոր դիրքերը տկարացնելու համար: Յայտնի է, թէ ո՛վ կանգնած է անոր ետին: Հասկնալի է, թէ ինչո՛ւ կը նշուի նաեւ Ատրպէյճանը: Բնականաբար, ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմին ընթացքին Ատրպէյճանի յաղթանակը շատերու համար անակնկալ էր: Այդ մէկը անոնց հաճելի չթուեցաւ: Անոնք կ՛ուզեն Ատրպէյճանը տեսնել թոյլ, կախուածութեան մէջ եւ բռնագրաւումի տակ՝ միշտ օգնութիւն խնդրելով տագնապի լուծման համար: Սակայն Ատրպէյճան ինք լուծեց տագնապը եւ յաղթանակ արձանագրեց Հայաստանի վրայ, եւ այժմ Հայաստանի հետ սերտօրէն առնչութիւն ունեցող արեւմտեան շրջանակները աշխուժացած են: Մենք կը սպասէինք ասոր եւ գիտէինք, որ Ատրպէյճանը զրպարտելու արշաւը դարձեալ պիտի սկսի: Ես 18 տարիէ ի վեր նախագահ եմ: Նախապէս ես գործարար էի, կը զբաղէի գործարարութեամբ: Իմ կենսագրութիւնը շատ յայտնի է: Ես յաջողակ ձեռնարկատէր էի: Երբ ես նախագահ ընտրուեցայ, աղքատ չէի: Նախագահ ընտրուելէ ետք ես հեռացայ գործարարութենէն եւ զայն փոխանցեցի զաւակներուս: Անոնց հարստութիւնը հիմնականին մէջ կը գտնուի Ատրպէյճանի մէջ, սակայն կայ նաեւ անկէ դուրս: Անոնց ամբողջ գործարարական գործունէութիւնը թափանցիկ է: Ես չեմ կարդացած այդ փաստաթուղթերը: Ինծի անոր մասին ըսին, եւ հաւանական է, որ անոնք կը պարունակեն ճշմարտութեան հինգ առ հարիւրը, մնացածը սուտ է», պնդեց Ալիեւ: