«ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏ ՉԷ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ»․ ԱԼԻԵՒ
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- «Այս հանգրուանին, Պաքուի գլխաւոր խնդիրը հարիւր հազարաւոր գաղթականներու վերադարձն է հայրենի օճախներ», յայտարարեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ` դիմելով Չկողմնորոշուած պետութիւններու շարժումի արտաքին գործոց նախարարներու հեռավար ժողովին մասնակցողներուն:
«Սկսած ենք ազատագրուած տարածքներու վերականգնումը: Այդ գործընթացը, սակայն, դանդաղ կ՛ընթանայ ահռելի չափերու հասնող ականապատման պատճառով, որ իրականացուցած են հայերը», պնդեց Ալիեւ:
Աւելի ուշ, Ալիեւ ըսաւ. «Ոչ-պաշտօնական խողովակներով ստացուող տեղեկատուութիւններու համաձայն` Հայաստան պատրաստ չէ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու», պնդելով, որ նման մօտեցում «մեծ սխալ պիտի ըլլայ հայերուն կողմէ»:
Ան այս յայտարարութիւնը կատարեց պատերազմի ընթացքին հաշմանդամ դարձած զինուորներուն եւ զոհերու ընտանիքներուն բնակարաններ եւ ինքնաշարժներ նուիրուելու արարողութեան ընթացքին, Պաքուի Խոճասան թաղամասին մէջ։
«Կողմերը պէտք է ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ սահմանները, սկսելով սահմանագծումի աշխատանքները։ Եթէ Հայաստան չի փափաքիր այդ մէկը ընել, այդ իր գործն է: Սակայն անոնք պէտք է լաւ մտածեն այդ ուղղութեամբ, որոբհետեւ ապագային կրնայ ուշ ըլլալ», աւելցուց Ալիեւ: