ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 10 Հոկտեմբերին, Ատրպէյճանի կառավարութեան ընդլայնուած նիստին ընթացքին, նախագահ Իլհամ Ալիեւ անգամ մը եւս յայտարարեց, թէ Արցախի հակամարտութեան շուրջ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին բացառապէս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, պնդելով, թէ հայկական կողմը կը փորձէ փոխել բանակցութիւններու ձեւաչափը, սակայն յաջողութեան չի հասնիր:
«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ տեղի ունեցած երկու հանդիպումները, ինչպէս նաեւ վերջին շրջանին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները կը վկայեն, որ բանակցութիւններու ձեւաչափը կը մնայ անփոփոխ, եւ որ այս հակամարտութիւնը պէտք է մօտիկ ապագային կարգաւորուի միջազգային սկզբունքներու հիման վրայ, Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան շրջանակներուն մէջ», պնդեց Ալիեւ՝ աւելցնելով. «Յոյս ունիմ, որ Հայաստանի նոր ղեկավարութիւնը կառուցողականութիւն կը դրսեւորէ իր քաղաքականութեան մէջ, եւ մեր հողերը շուտով կ՛ազատագրուին զանոնք բռնագրաւողներէն»:
Միւս կողմէ, ԱՊՀի գործադիր ընդհանուր քարտուղար Սերկէյ Լեպետեւ յայտարարեց, թէ
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ Տուշանպէի մէջ կայացած կարճատեւ զրոյցը օգնած է նուազեցնելու Արցախի մէջ ստեղծուած լարուածութիւնը։
«Անձամբ ականատես եղայ, թէ ինչպէ՛ս Ալիեւ եւ Փաշինեան բազմաթիւ անգամներ մօտեցան իրարու եւ քննարկեցին ղարաբաղեան խնդիրի կարգաւորման հարցերը: Արդիւնքը ակնյայտ է՝ այժմ տարածաշրջանին մէջ լարուածութիւնը նուազած է», Մինսկի մէջ 10 Հոկտեմբերին յայտարարեց Լեպետեւ՝ աւելցնելով. «Մենք շատ մեծ յոյս ունինք, որ առաջնորդներու այդ բովանդակային շփումը կը շարունակուի եւ դրական արդիւնքներու կը յանգեցնէ»:
Յիշեցնենք, որ 28 Սեպտեմբերին, ԱՊՀ գագաթնաժողովին ընթացքին, Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի հետ կարճատեւ զրոյցէն ետք, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած էր, որ կողմերը համաձայնած են դիմել այնպիսի քայլերու, որոնց միջոցաւ կարելի պիտի ըլլայ սահմանային լարուածութիւնը մեղմացնել եւ հրադադարի խախտումները կանխարգիլել։