ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ»․- Պաքուն կը ձգտի Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մէջ սահմաններու սահմանագծման գործընթացին մէջ առաւելագոյն զիջումները խլել Երեւանէն, յայտնեց Ռուսիոյ խորհրդարանի ԱՊՀի հարցերու յանձնախումբի նախագահի առաջին տեղակալ, Կոնստանդին Զատուլին:
Ռուս պատգամաւորը Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը որակեց «ոչ ամենախելամիտը», որովհետեւ ատրպէյճանցի զինուորները իրենք թափանցած են Հայաստանի տարածքը:
«Անոր առաջնորդը, փաստօրէն, յարձակումներ կը գործէ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին վրայ՝ ցուցաբերելով նեղմիտ ազգայնամոլութիւն», ընդգծեց Զատուլին: