Գրեց՝ Նորվան Արքեպիսկոպոս Զաքարեան- ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ
Բահ ու բրիչի հարուածներուն տակ, Ալֆորվիլի Մանկապարտէզի նոր շէնքի սիւները կը բարձրանան արդէն։
Ի՜նչ ուրախութիւն… Քանի մը ամիսէն շէնքին պեթոնէ կմախքը յաղթապանծ կանգնած պիտի ըլլայ Հայ եկեղեցւոյ կողքին։ Հոգիի եւ մտքի տաճարները քով-քովի պիտի յայտնուին Կոմիտաս փողոցին վրայ։
Դիտելով գործադաշտը, բնական մղումով մը ոգեկոչեցի յիշատակը ողբացեալ Կարպիս Ջրբաշեանի։ Անհամբեր՝ այս վերջին տարիներուն, որպէս գանձապահ, կը պահանջէր շուտով սկիզբ տալ Մանկապարտէզի աշխատանքներուն։ Յաճախ կ՚ըսէր. “Սրբազա՛ն, այս աշխարհէն քաղաքավարի ուզում եմ մեկնել։ Երկու մուրազ ունեմ… Ներկայ գտնուիլ Ալֆորվիլի Մանկապարտէզի բացման արարողութեան. երկրորդ՝ Արեւմտահայաստանի նահատակ եկեղեցականներուն անունները քանդակուած տեսնել Փարիզի եկեղեցւոյ բակին մէջ”։ Ափսո՜ս, երկու իղձերն ալ անկատար՝ մեկնեցաւ այս աշխարհէն։
Հայ մշակոյթի զարգացման (ԱՓՔԱՖ) ընկերակցութեան բարոյական պարտքն է,– կտակը ըսենք,– յաւերժացնել Կարպիս Ջրբաշեանի յիշատակը, օր մը, երբ Միութեան դրամական միջոցները ներեն եւ վարչականներուն յաջողուի յարդարել «Գէորգ Հ. Արապեան» վարժարանի ենթահողին կառուցուած տարածքը եւ կոչեն զայն «Կարպիս Ջրբաշեան հանդիսասրահ»։
Ալֆորվիլի Մանկապարտէզը արդիական շէնքով մը օժտելու գաղափարը ծնաւ 4 Յուլիս 2015-ին, երբ «Գէորգ Հ. Արապեան» վարժարանի բացումը կատարուեցաւ։ Մեծ բարերարին հայատրոփ սիրտը չդիմացաւ երբ տեսաւ սիրասուն մանկիկները, որոնք հինցած պատերու մէջ եւ սեղաններու վրայ կը սորվէին իրենց դասերը. “Այս երախաները ինչո՞վ յանցաւոր են, սրբազան”,– ըսաւ ան,– “որ, մեծերուն պէս լաւ պայմաններ չունենան”։ Ուրեմն, նոյն օրն իսկ, Պարոն Արապեան մանկապարտէզ մըն ալ կառուցելու իր մտադրութիւնը յայտնեց շուրջի մարդոց, ինչպէս Առաջնորդ Վահան Սրբազան Հօր։
Պարոն Գէորգ Արապեանին եւ ճարտարապետ Պարոն Պերճ Յակոբեանի միջեւ փոխանակուած սկզբնական խօսակցութեան մը համաձայն, միայարկանի մանկապարտէզի մը շինութեան ծախսը պիտի արժէր շուրջ 1.000.000 եւրօ։ Պարոն Արապեան պիտի նուիրէր գումարին ամբողջութիւնը եւ ԱՓՔԱՖ-ը հանգանակութիւն կատարելու ծանր պարտականութեան տակ պիտի չմտնէր։ Ըստ նախատեսուած ծրագրին՝ Մանկապարտէզը պիտի ունենար 4 դասարան յարակից անհրաժեշտ մասերով։
Աւելի ետք, Վարժարանի մատակարար կամ խնամակալ մարմինը եւ տնօրէնութիւնը, բանաւոր պատճառներու վրայ հիմնուած, ընդլայնումներ պահանջեցին, որուն սիրով ընդառաջեց ԱՓՔԱՖ-ը։ Ուրեմն ընդլայնուած ծրագիրը կ՚ընդգրկէր 7 դասարան, յարակից մասերով։ Կառոյցը բնականաբար կ՚ընդարձակուէր։ Հարկ էր բարձրացնել երկրորդ յարկ մը, առաւել՝ ստորերկրեայ փարքինկ մը, ինչը ծրագրին ընդհանուր ծախսը պիտի եռապատկէր։ Միայն փարքինկը պիտի արժէ շուրջ 500.000 եւրօ։ ԱՓՔԱՖ այսօր ունենալով 1.300.000 եւրօ իր գանձին մէջ, եւ 200.000 եւրոյի հաստատ խոստում, սկիզբ տուաւ աշխատանքներուն։ Այս գումարը ամբողջապէս պիտի բաւէր փակելու համար 4 դասարանով ծրագրի ամբողջական ծախսը, առանց ժողովրդային հանգանակութեան։ Բայց ընդլայնուած ծրագրի յաւելեալ ծախսերուն հետեւանքով ԱՓՔԱՖ կը պարտաւորուի այսօր, դարձեալ հանգանակութեան ծանր լուծին տակ մտնելու։
Հետեւաբար, սիրելի ժողովուրդ, այս գրութիւնը ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ մըն է։ Անգամ մը եւս ԱՓՔԱՖ-ը կ՚ապաւինի ձեր սիրայօժար աջակցութեան։ Վստահ ենք, որ Հայոց լեզուի, այլ խօսքով Մեսրոպ Մաշտոցի գանձանակին, հայ ժողովուրդին զաւակները դարձեալ պիտի բերեն իրենց լուման ձգելու, այրի կնոջ լումային օրինակով։ Սիրոյ Լուման՝ ընդդէմ Սփիւռքի մէջ աղաւաղուող Հայու կերպարանքին, վասն Հայ հոգիի տեւականացման։ Այնքան ատեն որ այս ժողովուրդը իր աղ ու հացէն բաժին հանել գիտէ իր իսկ սրբազան նպատակներու իրագործման համար, ի հեճուկս մաշեցնող Սփիւռքին, ան դեռ կ՚ապրի շա՜տ երկար։ Ի՜նչ փոյթ երբ յաճախ կրաւորական լայն զանգուածը, յանձնուած մաշումի հոլովոյթին, լուռ կը մնայ եւ կը զլանայ իր օժանդակութիւնը բերելու, արհամարհելով Սփիւռքի մշակութապէս կազմաւորուելու կարեւորութիւնը։ Ի՜նչ փոյթ երբ կը լսուի յաճախ թէ «միշտ նոյները կու տան», թելադրութիւն մը կարծէք, որ նոյներն ալ չտան այլեւս։ Ի՞նչ ընենք… «Փոքր ածու»-ին ճակատագիրն է այս, ապաւինիլ գիտակից փոքրամասնութեան բարի կամեցողութեան, նուաճելու համար հայկական նպատակներու յաջողութիւնը։ Միշտ յոյս ունինք թէ օր մը լուռ եւ լայն զանգուածը կ՚ազդուի փոքրամասնութեան մարդասիրական օրինակէն, եւ իր հերթին ինքն ալ կը խմորուի, օժանդակելով եւ մասնակցելով Հայ հոգիի յաւերժացման հրաշքին։
Դրամ հանգանակելը արուեստ մըն է այսօր։ Արհեստավարժութիւն կ՚ուզէ։ Սպառած են աւանդական կերպերը։ Արդիական կերպին մէջ, այսօր, հայ իրականութենէն ներս, հանգանակութեան արուեստին տիրապետած է միայն Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամը։ Անոր աշխատելաձեւի յաջողութեան մէջ, մեծ դեր ունի անշուշտ, նպատակը։ Զգայնութիւնները տարբեր են երբ նպատակը կապուած է հայրենի հողին հետ։ Ի՜նչ լաւ պիտի ըլլար Հիմնադրամը, օր մը, միեւնոյն կերպը գործադրէր սփիւռքեան կարիքներուն, տեսնելու համար թէ ի՞նչ արդիւնք պիտի տար։ Արդեօ՞ք նոյնքան անձնուէր զինուորագրեալներ հանդէս պիտի գային, իրագործելու համար սփիւռքեան ծրագիր մը։ Յոռետես չըլլանք։ «Այո»-ի պարագային, կը նշանակէ թէ խնդիրը նպատակի, զգայնութեան խնդիր մը ըլլալէ աւելի կազմակերպութեան հարց է։ Մինչդեռ, բացասականի պարագային, պիտի յայտ գար թէ համոզումի խնդիր մը կայ։
Սփիւռքի լայն զանգուածի հոգեբանութեան մէջ, մարդիկ կան որոնք կը հաւատան թէ հայութիւնը պիտի գոյատեւէ միայն Հայաստանի մէջ։ Արդէն հաշտուած են իրենց իսկ կորստեան ճակատագրով, այդ պատճառով ալ այժմէն իսկ հայաթափ են եղած։ Իսկ մտածողներու խումբ մըն ալ կայ, որ կորստեան վայր Սփիւռքի մէջ, վայրեր ստեղծելով, կը հաւատայ նաեւ հայանալու կարելիութեան։ Խոստովանիմ որ ես կը յարիմ մտածողներու այ՛ս հոյլին։ Կը հաւատամ տեսանելի Հայաստանին զուգահեռ, հոգեւոր Հայաստանին. հայութիւնը կրնայ ըլլալ նաեւ հողէն անդին. այլապէս անիմաստ պիտի ըլլար դպրոցներ ստեղծելու արշաւը։ Մշակոյթի հզօր զէնքը, որ եղած է հայ ինքնութեան վահանը, այսօր ալ ի զօրու է։ Մաշտոցեան վարքագծին հետեւողութեամբ, Սփիւռքը փրկութեան վայր է։
Վերադառնալով հանգանակութեան նիւթին՝ ԱՓՔԱՖ սա պահուս չունի հանգանակութեան հիմնադրամեան կառոյց։ Ստիպուած՝ պիտի գործէ նախկինին պէս, ապաւինելով բոլոր անոնց, որոնք կը հաւա-
տան ՀԱՅ ՀՈԳԻԻ տեւականութեան։ Ան լծուած է տասնութ ամսուան մէջ, մէկ ու կէս միլիոն եւրօ գոյացնելու աշխատանքին։ Եկամուտի այլ աղբիւրներ չունի, իր աղբիւրը ժողովուրդն է, առաքինասէր եւ բարեսիրտ։
Ցուցատախտակ ներկայացնելու կարիք չկայ, այսինքն՝ տասնհինգ նուիրատու հարիւր հազար եւրոյէն, կամ հարիւր յիսուն նուիրատու տասը հազարէն եւ կամ եօթը հարիւր յիսուն նուիրատու՝ երկու հազարէն, եւ այլն…
Նուիրատուն ինք կ՚որոշէ չափը իր նուէրին, թող տայ այնքան՝ ինչքան որ սրտէն կը բխի։
Ա՛յս է հանգանակութեան քրիստոնէական եւ հայ աւանդական ձեւը։ ■
Նուէրները ղրկել գանձապահի հասցէին.-
APCAF; Chez Dr. Serge Simonian
11, avenue de Verdun, 94410 Saint Maurice
Չէքի պարագային՝ մակագրել / …à l’ordre de l’APCAF
Իսկ դրամատնային փոխանցման պարագային՝
CE ILE-DE-FRANCE CEPAFRPP 751
FR76/ 1751/ 5900/ 0008/ 0060/ 5030/ 181