ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Լիբանանի դէմ շարունակուող ֆինանսական շրջափակումի հետեւանքները թեւակոխած են նոր փուլ: Ճանապարհներ փակելու անհնազանդութեան շարժումները կը տարածուին լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ: Կը նկատուի սակայն ոճային փոփոխութիւն: Սակաւաթիւ խումբեր յանկարծակի կը գրաւեն հիմնական պողոտաներու խաչմերուկներ, կ՛անդամալուծեն երթեւեկը: Շարժումը չի ստանար զանգուածային տեսք, այլ ճամբայ փակել-բանալու գործողութիւններով կը ստեղծէ պարագայական իրավիճակներ` քաղաքացիին միտքին մէջ տեղաւորելով յառաջիկայ ժամերուն ճամբայ փակելու գործողութեան հնարաւորութիւնը:
Բողոքի այս գործողութիւնները սակայն հետզհետէ կը վերափոխուին անհնազանդութեան աւելի համարձակ նախաձեռնութիւններու: Վերջինը` Լիբանանեան-զուիցերիական դրամատան դէմ կատարուած պատանդառումի գործողութիւնն էր, որ յատկանշուեցաւ բռնարարքով եւ գումարի բռնափոխանցումով դէպի Թուրքիա:
Հետաքրքրական է, որ գումարային փոխանցումներու իբրեւ վայր ամէնէն շատ կը խօսուի Թուրքիոյ մասին, ուր յատուկ կեդրոններ կը գործեն Լիբանանէն դուրս եւ դէպի Լիբանան գումարներու փոխանցման արտակարգ եղանակներ կիրարկելով:
Լիբանանեան-զուիցերիական դրամատան մէջ պատահածը հոլիվուտեան շարժապատկերի տեսարաններ յիշեցուց, երբ դրամատան դէմ յարձակում գործողները, պատանդ վերցնելով պաշտօնեաները, պարտադրեցին բռնի գումարային փոխանցում:
Ասիկա նախադէպ է եւ կը յուշէ, որ սառեցուած հաշիւներու տէրերը կրնան գումարներու ապասառեցման նման ոճի դիմել, երբ ո՛չ հրաժարեալ կառավարութիւնը, ո՛չ Կեդրոնական դրամատունը հանգուցալուծման միջոցներ կ՛որդեգրեն` անորոշ եւ անհեռանկար կացութիւն ստեղծելով քաղաքացիներուն առջեւ:
Այս պայմաններուն մէջ աշխուժ է նման իրավիճակներու մէջ ամէնէն արագ աշխուժացող քաղաքը: Բացառապէս բնակչային աղքատութեան ամէնէն ցած աստիճանաչափին կարելի չէ վերագրել արագօրէն նման քայլերու դիմելու Թրիփոլիի մէջ բնակողներուն արարքներու մղիչ պատճառները: Աղքատութիւնը համատարած է թշուառութեան ամէնէն տխուր պատկերները պարզելով, հետեւաբար այլեւս միայն նման պատճառներու վրայ յենելով պէտք չէ բացատրել այդ քաղաքին ցուցաբերած աշխուժութիւնը այս առումով:
Թրիփոլին դրսեւորեց թէ՛ փառատօնային ոճի զանգուածային անհնազանդութիւն եւ թէ՛ հիմա կը ցուցադրէ ոճային վերափոխում դէպի աւելի համարձակ եւ բռնութեան բաղադրիչ ունեցող բողոքի գործողութիւն:
Այս բոլորին դիմաց բանակն է, որ ստանձնած է իրաւապահ մարմիններու բոլոր գործառոյթներուն իրականացման պարտականութիւնը: Մինչ ոստիկանութիւնը նոյն համբաւը չի վայելեր այլեւս միջադէպերուն վերահսկելու կամ որեւէ բողոքի տրամադրութեան առարկայացում չէզոքացնելու ուղղութեամբ: Պետական աշխատավարձերը եւս ենթարկուած են ահաւոր արժեզրկումի, ինչ որ բնականաբար կ՛ազդէ նաեւ անոնց վտանգաւոր կացութիւններ դիմակայելու նուիրուածութեան վրայ:
Բանակը պետական հիմնական կառոյցն է, որ կը շարունակէ վայելել միջազգային վստահութիւն: Նաւահանգիստի պայթումի օրերուն բանակին վստահուեցաւ գումարներու տրամադրումը: Շրջանցելով կառավարական բոլոր օղակները` օգնող պետութիւնները կամ ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները բանակի հրամանատարութեան փոխանցեցին տարբեր բնոյթի օժանդակութիւնները: Բանակայիններն էին, որոնք այցելեցին մարդոց վաճառատուները, հաստատութիւններն ու բնակարանները` ուսումնասիրելու, գնահատելու եւ չափագրելու համար գործուած աւերին տարողութիւնը: Դարձեալ բանակայիններն էին, որ վաճառատուն առ վճառատուն կամ բնակարան առ բնակարան այցելելով կատարեցին հատուցումները:
Ֆինանսական շրջափակումով պետական հաստատութիւններու կազմաքանդման գործընթացին նպաստողները, ֆինանսաւորելով եւ աջակցելով բանակին, կ՛առաջադրեն պահել երկրի համեմատական կայունութիւնը: Վերահսկել քաոսը: Ստեղծել քաոսը, ապա վերահսկել զայն:
Անհնազանդութեան շարժումները կը դրսեւորեն նոր ոճ: Ոճ, որուն նախադրեալները երեւցած էին դրամատուներու պետական հաստատութիւններու դէմ բողոքի բռնարարքային դրսեւորումներով եւ որոնք մարած էին աւելի ուշ: Հիմա կը վերաձեռնարկուին այդ բոլորը Լիբանանի տարածքին:
Պատահական չէ, որ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը կը գումարէր նիստ` ապահովական միջադէպերու կանխարգիլման նախապատրաստութիւններու դիմելու որոշումը կայացնելու:
Տակաւին վերահսկելի քաոսի սահմաններուն մէջ է երկիրը: Իսկ անոր գրաւականը կը թուի, որ բանակն է գէթ մինչ այժմ: