ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Հանրապետութեան նախագահի հրապարակային հրաւէրը վարչապետին` այցելելու նախագահական պալատ, կառավարութեան կազմութեան ընթացիկ հանդիպումի ճշդումի առումով արտակարգ եղանակ է: Գուցէ նաեւ աննախադէպ` Լիբանանի պատմութեան նորագոյն ժամանակամիջոցին մէջ: Հրաւէրի ենթաթեքսթը այն էր, որ վարչապետը հրաւիրուած է ներկայանալու եւ ներկայացնելու նախագահի առարկութիւնները նկատի առած կառավարութեան ցանկ մը. այլապէս, ան պէտք է հրաժարի եւ առիթ տայ նոր վարչապետին կազմելու համար կառավարութիւնը:
Վարչապետին հակազդեցութիւնը համարժէք էր: Ան պատրաստ էր ներկայանալու նախագահական պալատ, վերստին ներկայացնելու կառավարութեան ցանկը եւ նախագահին կողմէ մերժումի պարագային, կը յորդորէր, որ նախագահը ձեռնարկէ նախագահական կանխահաս ընտրութիւններու:
Պարանաձգային այս փոխասացութիւնը ըստ էութեան յաւելեալ սրումի առաջնորդեց իրավիճակը: Հրաժարականի պահանջի դիմաց` հրաժարականի պահանջ:
Հռետորական տարբերութիւն նկատուեցաւ նախագահ-վարչապետ հինգշաբթի օրուան հանդիպումէն ետք վարչապետին կատարած յայտարարութեան մէջ: Ան պարզապէս նշեց, որ հանդիպումը լարուածութիւնը մեղմացուց, թէ` կառավարութեան կազմին շուրջ կան որոշ առարկութիւններ, որոնց մասին պէտք է մտածել եւ պատասխանել յառաջիկայ երկուշաբթի օր կայանալիք նախագահ-վարչապետ հանդիպումին: Ստեղծուած է նոր առիթ:
Լիբանանեան աւանդական գնահատելու իրատեսութիւնը շատ յոյսեր չի կապեր երկուշաբթի օրուան հետ: Թէ՛ նախագահական եւ թէ՛ պետական շրջանակներ պաշտօնապէս կամ ընկերային ցանցերու տիրոյթին վրայ լաւատեսական մեկնաբանութիւններ շրջանառութեան մէջ չեն դրած: Աւելի կ՛արծարծուի համաձայնութեան չկայացման, իրավիճակի առկախման, գոյավիճակի քաշքշուքի եւ հետեւաբար` ապահովական միջադէպերու, ազգային դրամանիշի արժեզրկման եւ անել փակուղիներու մէջ արգելափակուած մնալու հաւանականութիւններուն մասին:
Մինչ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը կը զգուշացնէր լիբանանեան բոլոր կողմերը արտաքին կեդրոններու կողմէ հրահրուող քաղաքացիական ընդհարումներու մէջ չներքաշուելէ, Մոսկուան առաջին անգամ ըլլալով կը պաշտօնականացնէր ներլիբանանեան հանգուցալուծումներուն համար միջնորդութիւնը, Ռիատը կը հրապարակէր իր մերժումը` Հարիրիի վարչապետութիւնը ստանձնելու, Փարիզը յառաջիկայ շաբաթ նոր ոճով ներկայանալու յայտարարութիւն կ՛ընէր:
Արտաքին համաձայնութեան նախադրեալներ չեն պարզուիր տակաւին: Հետեւաբար լիբանանեան գետնի վրայ եւս չ՛երեւար համաձայնական ենթահողը, որուն իբրեւ արդիւնք պէտք է կազմուի կառավարութիւնը:
Կայ միայն յաւելեալ առիթ ստեղծելու նախագահ-վարչապետ երկկողմանի մօտեցումը, որ քաղաքական տրամաբանութեամբ բաւարար չէ` ընթացակարգին թափ հաղորդելու համար:
Միջադէպեր, ցոյցի երեւոյթներ, բողոքի գործողութիւններ, դրամանիշի գահավէժ անկում` աննշան տատանումներով ընդմիջուած, վառելանիւթի արուեստական թէ իրողական տագնապ, կենսական ոլորտներու սենտիքայական գործադուլի որոշումներ, սղաճի մագլցողականութիւն` նշելու համար հասարակութիւնը ծանրագոյն տագնապի հասցնող իրողութիւններէն մաս մը:
Փրկութեան կառավարութեան կազմութիւնը կ՛ուշանայ: Երկուշաբթի օրուան հանդիպումին ապարդիւնութիւնը կրնայ խորացնել անորոշութիւնը եւ բազմապատկել նշուած տագնապներու տարողութիւնը:
Արգելակողները, կը թուի, որ չեն պայքարիր սոսկ հատուածի, համայնքի իրաւունքներու կամ անոնց չափաբաժիններու ապահովման համար: Արգելակողները դուրսէն թէ ներսէն ըստ էութեան կ՛իրականացնեն պետականութիւնը սասանելու եւ երկիրը ծունկի բերելու մեծ ծրագիր մը:
Երկուշաբթի օրուան առիթը տեսականօրէն բաց պէտք չէ ձգել եւ կազմել փրկութեան կառավարութիւնը: Քաղաքական տրամաբանութիւնը դժբախտաբար այլ բան կը յուշէ: Նախագահն ու վարչապետը շրջապատած ուժերը կ՛ունենա՞ն գիտակցութիւնը` շրջելու լիբանանեան քաղաքականութեան ներկայ տրամաբանութիւնը: