Այս անգամ քսանչորս ապրիլին Աստուած Պապան ժպտեցաւ մեր երեսին, տասնօրեայ աննպաստ կլիմայի պսակումը` արեւոտ գարնանային պայծառ օր մը շնորհելով, երբ լիբանանահայութիւնը ոտքի ելաւ Այնճարէն մինչեւ Թրիփոլի, որոնց միացանք Պէյրութ ապաստանած սուրիահայերս:
Դէպի քայլարշաւի մեկնակէտ ճամբու ընթացքին, «Գարեգին Նժդեհ» ակումբէն մինչեւ Պուրճ Համուտ, փոխադրակառքին մէջ ականջալուր եղանք մեր ապրած շրջանի երիտասարդներուն նախատինքներուն, զորս տեղացուցին երկու հայանուն խանութպաններու հասցէին, որոնք Զալքայի բանուկ շուկային մէջ անամօթաբար բացած էին իրենց վաճառատուները. այսպիսի արարածներ ամէն տեղ են, յիշեցի արաբ բարեկամի մը նմանութիւնը. «Ամէն տուն ալ արտաքնոց ունի»: Մինչ ուրիշ մը կը պատմէր հայ երիտասարդուհիի մը մասին, որ պաշտօնէ հրաժարած է, երբ վարպետը միօրեայ արձակուրդի համաձայն չէ գտնուած:
Իրենց երակներուն մէջ ՀԱՅՈՒ ԱՐԻՒՆ հոսողներու եռագոյն դրօշակներով զարդարուն ծով մըն էր քայլարշաւի ընթացքը, երբ Նահրի կամուրջի բարձրակէտին կանգնած, ետ ու առաջ դիտելով, գլուխները կը գլէր տեսողութեան սահմանները, «Արմենիա» պողոտայի ամբողջ երկարութեամբ, մինչեւ Մար Մըխայէլ:
Բացօթեայ հոգեհանգիստ մը` ԱՊՐՈՂ սերունդներու կենդանի երթով դէպի Նահատակաց հրապարակ, ՍՈՒՐԲ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ անմեռ յիշատակը աղաղակող եւ Հայ դատի անկորնչելիութեան լոզունգներով բազմալեզու պաստառներով:
Հոն էին անխտիր գաղափարական տարբեր հոսանքներէն եւ բոլոր դասակարգերէն, խանձարուրի մանուկն ու ալեհեր ծերունին, յետեղեռնեան հարիւրամեակի հինգ սերունդներ:
Ճամբու ընթացքին հայ պետականութեան մանրանկար` Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը ջուր կը բաժնէր: Տարիներու երկարութեամբ դէպի Տէր Զօր ուխտագնացութեան երանելի օրերուն Ցեղասպանութեան յուշահամալիրի հանդիպակաց հրապարակին վրայ տեղացիներ ջուրով, զովացուցիչով, սուրճով եւ թէյով կը հիւրասիրէին մեզ, անոնցմէ ոմանք «ընդում խուալնէ» (դուք մեր քեռիներն էք) կը յորջորջէին:
Արդարեւ, Ցեղասպանութեան եօթանասունամեակին` 1985-ին, երբ երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ձեռամբ Տէր Զօրի կիսաւեր Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ եւ ծխական վարժարանի շրջափակին մէջ Նահատակաց յուշահամալիրի հիմնարկէքը կատարուեցաւ, մուտքին տեղացի կիներու յատուկ լաչակներով, երեսները դաջուած ծերունազարդ կիներու խումբ մը դիմաւորեց հայոց կաթողիկոսը. «Ցկեանս նահատակներ»-ն էին անոնք, որոնք իրենց արեան կանչին հետեւելով` հոն էին այդ օր:
Հիմա այդ եղեռաբախտներն ալ պատմութիւն եղան եւ գացին ու միացան իրենց նահատակ հարազատներուն եւ «Եփրատ նետուող» քոյրերուն:
Բախտաւորներն ալ անօթի, սակայն թշուառութեան մէջ, աւազին վրայ Ա. Բ. Գ. սորվեցուցին իրենց հոգեհատորներուն:
Հայ մայրը իր վեհ դերին մէջ է այսօր ալ, ան կը շարունակէ իր մայրական կաթին հետ Հայ դատը որպէս կենսական սնունդ ներարկել խանձարուրի մէջ նորածիններուն եւ մանուկներուն, ասոր ականատեսը եղանք քայլարշաւին ընթացքին, որոնց կողքին կը քալէին ամբողջ կեանք մը իրենց առօրեան հայապահպանումը կիզակէտ դարձուցած եւ յոգնութիւնը չճանչցող ալեհեր հայ ծերունիներ:
Կեանքի յիշարժան եւ անմոռանալի օր մը ապրեցանք` վերանորոգելով մեր անկորնչելի Դատին հաւատքը եւ հայապահպանման մեր ուխտը:
ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ