ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
Այս տարօրինակ հարցումը կ՛ուղղեմ հայրենի ժողովուրդի այն հատուածին, որ տակաւին Նիկոլի «թաւշեայ յեղափոխութիւն»-էն գինովցած` թմբիրի մէջ կ՛ապրի ու դեռ չէ արթնցած տեսնելու համար հայրենիքի արդի պատմութեան սեւ էջը:
Երեք տարիներ առաջ համայն հայութեան երազներու հորիզոնին վրայ ուրուագծուած ծիրանի գօտին հազիւ եռամսեակ մը ապրեցաւ, ոմանք շուտով անդրադարձան, որ այդ ծիրանի գօտիի շքեղ գոյներուն տակ թաքնուած են «սեւն ու սպիտակ»-ը:
Ո՞ւր է այսօր խորհրդային եօթանասունամեայ կարգերու կապանքներէն ազատած 1988-ի այն սերունդը, որ «Երեւանի մէկ միլիոն»-ը իրականացուց, «Արցախեան պահանջատիրութիւնը» որպէս կարգախօս հաստատելով` կերտեց նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, յար եւ նման 1918-ի անկախութեան` թշուառ, աղքատութեան պատմուճանը հագած, սակայն` ազատատենչ իր ժողովուրդով:
Այդ պայմաններու մէջ ծնաւ սեպտեմբերեան անկախ մեր հայրենիքը երեսուն տարիներ առաջ` երկրաշարժի հետքերով, խորհրդային սնանկ վարչաձեւի ժառանգութեամբ «օժտուած»:
Հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող ժողովուրդ ենք, ապրած ենք Արարատի շուրջ, ծովից ծով Հայաստանով, դարերու ընթացքին ունեցած ենք թագաւորութիւններ ու մայրաքաղաքներ` պատմութիւնը վկայ: Անդին` հազիւ հարիւրամեակ մը ինքզինք պետութիւն հռչակած բարբարոս եկուորները, տիրապետելով շրջանի հարուստ ընդերքին, կարողացան գնել համաշխարհային պոռնիկ քաղաքականութեան խամաճիկները ու անոնց թելերը բռնողները, այդ խամաճիկներու խումբին միացան «թաւշեայ յեղափոխութեան» անհայրենիք պետական այրերը, որոնց հայրենիքը միայն ու միայն իրենց գրպաններն են:
Եւ այսպէս, ականջալուր կը դառնանք, երանի թէ խուլ ըլլայինք եւ չլսէինք, «Շուշին տժգոյն քաղաք էր», «Քարվաճարը մերը չէ», «Շուռնուխը ազրպէյճանական է» արտայայտութիւններուն, որոնք մեծ պարտութիւնը արդարացնելու ձախող փորձերուն մաս կը կազմեն: Աւելի՛ն. «Խոնարհում եմ այդ ազգի առջեւ», «Իրենք լաւ թուրքեր են», «Չթշնամանանք»… խօսքերով` Թուրքիոյ հետ բարեկամութեան, դրացնութեան եւ առեւտուրի հեռանկարներ երազողները, որոնց անունները գրելն անգամ կը պղծեն մեսրոպեան մայրենին:
Ժամանակը հասած է, որ մեր ժողովուրդը ոտքի կանգնի եւ նշանաբան ընտրէ Ա. Ահարոնեանի պատգամը`
«Զա՛րկ, երբ հալածում են քեզ,
Զա՛րկ, երբ փակում են քո փառաւոր ընթացքը,
Զա՛րկ շարունակ… եւ այն ժամանակ, հաւատա՛, նահատա՛կ ժողովուրդ, արիւնարբու թշնամիդ անգամ ծունկ կը չոքի ու կը կոչի` ՅԱՐԳԱ՛ՆՔ ՔԵԶ»:
Այլապէս, հեռու չէ այն օրը, երբ ժողովրդային թմբիրը վերածուի մահաքունի, եւ յայտնուին հայախօս թուրքեր ու հարց տան` «Հայաստանը մե՞րն է»:
Ժընեւ